image
Հրատապ լուրեր:

Փաշինեանը Ղազախստանի նախագահը հրաւիրած է Երեւան

Փաշինեանը Ղազախստանի նախագահը հրաւիրած է Երեւան

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւի հետ, յայտնած են վարչապետի գրասենեակէն։

«Քննարկուել են Հայաստան-Ղազախստան երկկողմ յարաբերութիւնների օրակարգին վերաբերող հարցեր: Ընդգծուել է երկու երկրների միջեւ յարաբերութիւնները զարգացնելու փոխադարձ հետաքրքրութիւնը, տնտեսական եւ այլ ոլորտներում համագործակցութեան ներուժն իրացնելու անհրաժեշտութիւնը»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Փաշինեանը Թոքաեւը պաշտօնական այցով հրաւիրած է Հայաստան, վերջինս ընդունած է հրաւէրը: