ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ 2-3 փետրուարին աշխատանքային այցով մեկնած է Ղազախստանի Հանրապետութիւն:
Վարչապետի աշխատակազմէն յայտնած են, որ վարչապետը Ալմա-Աթայի մէջ պիտի մասնակցի Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստին եւ «Digital Almaty Awards» միջազգային համաժողովին:
Ըատ Interfax գործակալութեան, այցի ծիրէն ներս կը նախատեսուի ՀՀ վարչապետ Փաշինեանի առանձնազրոյցը Ռուսիոյ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի հետ:
Փաշինեանի եւ Միշուսթինի առանձնազրոյցը նախատեսուած է 2 փետրուարին: Հանդիպումը պիտի կայանայ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) միջկառավարական խորհուրդի՝ նեղ կազմով նիստէն ետք:
Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) միջկառավարական խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստը պիտի կայանայ 3 փետրուարին:
Ալմա Աթա հրաւիրուած են նաեւ ԵԱՏՄ անդամ միւս երկիրներու վարչապետներու տիկնայք: