image

Փաշինեանի պնդմամբ՝ եկեղեցւոյ բարձրագոյն ղեկավարութիւնը «ձախողել է հոգեւոր առաջնորդութիւնը»

Փաշինեանի պնդմամբ՝ եկեղեցւոյ բարձրագոյն ղեկավարութիւնը «ձախողել է հոգեւոր առաջնորդութիւնը»

Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ բարձրագոյն ղեկավարութիւնը ձախողած է հոգեւոր առաջնորդութիւնը, յայտարարեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը մայիս 7-ի մամուլի ասուլիսին։

«Եթէ որոշ հոգեւորականներ քաղաքական յայտ են ներկայացնում, ապա դրանով նրանք խոստովանում են հոգեւոր առաջնորդութեան գործում իրենց ձախողումը կամ անկարողութիւնը», – յայտարարած է Փաշինեանը՝ վստահեցնելով, որ «իշխանութիւնը չի հակամարտիր եկեղեցւոյ հետ»։

Վարչապետի խօսքով՝ հոգեւոր առաջնորդութիւն իրականացնող հոգեւորականներու կողքին կան նաեւ հոգեւոր առաջնորդութիւնը ձախողած եւ քաղաքական յայտ ներկայացուցած հոգեւորականներ։

«Բարձրաստիճանների մէջ էլ կան բազմաթիւները, ովքեր իսկապէս հոգեւոր առաջնորդութեամբ են զբաղուած, բայց, վախենամ, որ ամենաբարձր մակարդակում հենց հոգեւոր առաջնորդութիւնն են ձախողել», – ըսած է Փաշինեանը։

Ըսածը կառավարութեան ղեկավարը փորձած է հիմնաւորել սեփական փորձով՝ պատմելով, որ բազմաթիւ շփումներու ժամանակ [բարձրաստիճան հոգեւորականները] «Աստուածաշնչի, Նոր կտակարանի, դաւանաբանական հիմնահարցերի փոխարէն շօշափել են ցեմենտի, բետոնի, ներմուծման, մաքսազերծման եւ այլ թեմաներ»։ Ատկէ ելլելով՝ Փաշինեանն ամենեւին չի զարմանար, որ «հոգեւորականները քաղաքականութեամբ են զբաղւում»։