Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ առերեւոյթ պետական դաւաճանութիւն կատարելու եւ պաշտօնէական լիազօրութիւնները առերեւոյթ անցնելու փաստի առթիւ քրէական գործ յարուցելու պահանջով բողոքի քննութիւնը դատաւոր Կարէն Բիշարեանի որոշմամբ այսուհետեւ պիտի շարունակուի դռնբաց նիստով: Այս մասին յայտնեց 44-օրեայ պատերազմին զոհուած Մենուա Յովհաննիսեանի մայրը` Կարին Տօնոյեանը:
Յիշեցնենք, որ Նիկոլ Փաշինեանին պետական դաւաճանութեան յօդուածով քրէական հետապնդման ենթարկելու պահանջով բողոքը Վերաքննիչ դատարանը որոշած էր քննել դռնփակ կարգով: Բողոքը ներկայացուցած փաստաբան Յակոբ Մարտիրոսեանը եւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանը միջնորդած էին բողոքի քննութիւնը անցընել դռնբաց կարգով, սակայն դատարանը միջնորդութիւնը լսելէ յետոյ առանց որեւէ դիրքորոշում յայտնելու յետաձգած էր նիստը: Այդ ընթացքին դատարանի բակին մէջ հաւաքուած էին զոհուածներու ծնողները, յոյս ունենալով, որ դատարանը կը բաւարարէ բողոքաբերներու միջնորդութիւնը: Բողոքի քննութիւնը յետաձգելու որոշումը ծնողները վրդովուեցուցած էր եւ անոնք գացած էին Բարձրագոյն դատական խորհուրդ` հանդիպելու խորհուրդի նախագահի պարտականութիւնները կատարող Գագիկ Ջհանկիրեանի հետ: Լսելով ծնողներուն դժգոհութիւնները` Ջհանգիրեանը նշծ էր, որ այդ հարցը լուծում կը ստանայ:
Յիշեցնենք, որ 2021 թուականի Յունիս ամսուն անոնք յանցագործութեան մասին հաղորդում ներկայացուցած էին, մասնաւորապէս, պահանջելով քրէական գործ յարուցել Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ կատարուած առերեւոյթ պետական դաւաճանութեան փաստի առթիւ: