Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան չորեքշաբթի շնորհաւորական ուղերձներ յղած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին եւ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինին՝ Ռուսիոյ օրուան՝ երկրի պետական ինքնիշխանութեան հռչակման տարեդարձի առթիւ։
Փութինին ուղղուած ուղերձին մէջ Փաշինեան ընդգծած է տօնի խորհրդանշական նշանակութիւնը Ռուսիոյ Դաշնութեան նորագոյն պատմութեան մէջ՝ այն անուանելով «սերունդներու շարունակականութեան խորհրդանիշ» եւ նոր շրջափուլի մեկնարկ Ռուսիոյ զարգացման ճանապարհին։ Ան վստահութիւն յայտնած է, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները պիտի շարունակեն զարգանալ եւ ամրապնդուիլ փոխադարձ ջանքերով։
«Մաղթում եմ Ձեզ, յարգելի Վլադիմիր Վլադիմիրի, առողջութիւն եւ ամենայն բարիք, իսկ Ռուսաստանի բարեկամ ժողովրդին՝ բարեկեցութիւն եւ բարգաւաճում»,-ըսուած է Փաշինեանի ուղերձին մէջ։
Վարչապետը նաեւ ուղերձ յղած է Միխայիլ Միշուսթինին՝ շեշտելով երկու կառավարութիւններու միջեւ ձեւաւորուած «հետեւողական, բազմամակարդակ համագործակցութիւնը» եւ յոյս յայտնած՝ շարունակել համատեղ ջանքերը փոխշահաւէտ նախագիծերու ուղղութեամբ։
«Այս օրը ժամանակակից Ռուսաստանի նորագոյն պատմութեան մէջ մեկնարկային կէտ է, որը նշանաւորում է պետութեան եւ հասարակութեան զարգացման նոր փուլի սկիզբը։
Համոզուած եմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան կառավարութիւնների միջեւ հետեւողական բազմամակարդակ համագործակցութիւնը կը շարունակի նպատակային զարգանալ՝ նպաստելով փոխշահաւէտ նախագծերի իրականացմանը եւ երկու պետութիւնների տնտեսական ներուժի արդիւնաւէտ օգտագործմանը»,- ըսուած է Փաշինեանի ուղերձին մէջ։
Փաշինեանը Միշուսթինին մաղթած է յաջողութիւն պետական գործունէութեան մէջ եւ ռուս ժողովուրդին՝ խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն։