image

«Ռուսիոյ օր»ուան առթիւ ՓաշինեանԷն շնորհաւորանք Փութինին

 «Ռուսիոյ օր»ուան  առթիւ ՓաշինեանԷն շնորհաւորանք Փութինին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձներ յղած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինին եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան կառավարութեան նախագահ Միխայիլ Միշուսթինին Ռուսիոյ օրուան առթիւ:

Տեղեկութիւնը յայտնած են վարչապետի աշխատակազմէն։

Վլատիմիր Փութինին ուղղուած ուղերձին մէջ, մասնաւորապէս, նշուած է.

«Ռուսաստանի նորագոյն պատմութեան այս կարեւոր օրը խորհրդանշում է ռուսաստանցիների ձգտումը` բացել քաղաքական նոր հանգրուան հարուստ պատմութիւն, մշակոյթ եւ աւանդոյթներ ունեցող երկրի պատմութեան մէջ: Համոզուած եմ, որ հաւասարութեան անսասան սկզբունքների եւ երկու երկրների ժողովուրդների շահերը հաշուի առնելու վրայ հիմնուած Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ դարաւոր յարաբերութիւնները այսուհետ եւս կը շարունակեն զարգանալ կառուցողական հունով՝ նպաստելով երկկողմ եւ բազմակողմ համագործակցութեան ամրապնդմանը փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր ոլորտներում»։

Իսկ Միխայիլ Միշուսթինին ուղղուած ուղերձին մէջ Փաշինեան վստահութիւն յայտնած է, որ ՀՀ-ի եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան կառավարութիւններու միջեւ փոխադարձ յարգանքի վաղեմի աւանդոյթներու վրայ հիմնուած փոխշահաւէտ, բազմակողմ համագործակցութիւնը, ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ բազմակողմ ուղղութիւններով այսուհետեւ եւս պիտի շարունակէ զարգանալ առեւտրատնտեսական, գիտական, տեխնիկական, մարդասիրական եւ այլ ոլորտներու մէջ՝ ի շահ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ժողովուրդներու:

Ռուսիոյ օրը պետական տօն է, որ կը նշուի աւելի քան 30 տարի՝ յունիս 12-ին: 1990-ի այս օրը Ռուսիոյ Խորհրդային Ֆետերատիւ Սոցիալիստական Հանրապետութեան (ՌՍՖՍՀ) ժողովրդական պատգամաւորներն իրենց համագումարներէն մէկուն ընդունեցին Ռուսիոյ պետական ինքնիշխանութեան մասին հռչակագիր, որ հիմք հանդիսացաւ սահմանադրական բարեփոխումներու համար եւ դարձաւ ատոր մեկնարկային կէտը: Ռուսիոյ մէջ օրը ոչ աշխատանքային է: