image

Փաշինեան պէտք է մասնակցի COP 29-ին. Բողոքի ցոյց ՀՀ կառավարութեան շէնքի մօտ

Փաշինեան պէտք է մասնակցի COP 29-ին. Բողոքի ցոյց ՀՀ կառավարութեան շէնքի մօտ

«Միասին» այլընտրանքային հասարակական-քաղաքական շարժումը կը պահանջէ, որ ՀՀ իշխանութիւնը դիւանագիտական օրակարգին վրայ ներառէ աւելի քան 30 տարի առաջ Ատրպէյճանի Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութենէն բռնի տեղահանուած 1.2 միլիոն հայերու անվտանգ վերադարձն Ատրպէյճան` իրենց բնակավայրերը։ Շարժումն բողոքի ցոյց իրականացուց ՀՀ կառավարութեան շէնքի մօտ` պահանջագիր ներկայացնելով ՀՀ իշխանութեան։

«Մենք նաեւ պահանջում ենք, որ հայ գերիները վերադարձուեն մինչեւ COP 29-ը։ ՀՀ կառավարութիւնը ոչ մի քայլ չի ձեռնարկում այս ուղղութեամբ, եւ «Միասին» շարժումն այս հարցը բարձրացնում է, քանի որ իշխանութիւնը պատկանում է ժողովրդին»,– լրագրողներուն ըսաւ շարժման համակարգող խորհուրդի անդամ Նարինէ Դիլբարեան։

Ան ընդգծեց, որ կառավարութիւնները կու գան ու կ'երթան, բայց միջազգային օրակարգերն ամուր կը մնան։ Դիլբարեան յիշեցուց, որ Ատրպէյճան կեղծ միջազգային օրակարգ բերած է ատրպէյճանցի 300.000 փախստականներու վերադարձի հարցը։

«Ալիեւն անընդհատ խօսում է դրա մասին, եւ եթէ Փաշինեանը չի խօսում, դա դեռ չի նշանակում, որ այդ խնդիրը եւ մեր պահանջատիրութիւնը վերացած է»,–ըսաւ ան։

Դիլբարեան շեշտեց, որ այժմ շատ կարեւոր է, որ ՀՀ վարչապետը մասնակցի COP 29-ին (ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան համաժողով) ու այս բոլոր հարցերը բարձրացնէ այդ միջոցառման ժամանակ։

Նշենք, որ պահանջագիրին մէջ ընդգծուած է, որ տարիներ շարունակ Հայաստանի իշխանութիւնները, տեղի տալով ատրպէյճանական խեղաթիւրումներուն, թէ՛ պաշտօնական տեղեկատուութեամբ եւ թէ՛ հրապարակային ելոյթներով հնչեցուցած են Ատրպէյճանէն արտաքսուած հայերու ոչ հաւաստի թիւ` 600-700 հազար, ըստ ամենայնի հիմք ընդունելով միայն Հայաստան տեղափոխուած ու այստեղ որպէս փախստական գրանցուած հայերու թուաքանակը: Կը յիշեցուի համացանցին մէջ առկայ Ատրպէյճանի նախկին նախագահ Այազ Մութալիպովի ելոյթը, ուր ան կը փաստէ, որ միայն Պաքուի մէջ 1988-ի դրութեամբ կ'ապրէին 500 հազար հայեր: Հայերն իրենց բնօրրանին մէջ ապրած են ամէնուրեք` Արցախ` 96%, Նախիջեւան (60% եւ աւելի) Գանձակ-Կիրովապատ` 50%, Շահումեանի, Քարհատի (Դաշքեսանի), Խանլարի, Շամխորի շրջաններ` 70-95%, Մինգեչաուր, Եւեախ, Գերանբօ, Շեմախա, Շեքի, Ղազախ, Թովուզ, Բարդա, Զակատալա, Սումգայիթ:

«Միասին» շարժման խորհուրդը վստահ է, որ հայ ժողովուրդի օրինական իրաւունքներու ոտնահարման պայմաններուն տակ տարածաշրջանին մէջ չի կրնար իրական խաղաղութիւն հաստատուիլ: