Փութին Փաշինեանը Մոսկուա հրաւիրած է պաշտօնական այցով։
Կայացած է Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ հեռախօսազրոյց։ Այս մասին յայտնած են Քրեմլինի մամլոյ ծառայութենէն:
Ըստ մամլոյ ծառայութեան, հեռախօսազրոյցին մտքեր փոխանակուած են Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ առկայ իրավիճակի վերաբերեալ։
«Կողմերը ընդգծած են Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու 2020-ի 9 Նոյեմբերի եւ 2021-ի 11 Յունուարի եւ 26 Նոյեմբերի եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու, անոնց կարգին՝ Հարաւային Կովկասի փոխադրային եւ տնտեսական կապերու վերականգնման ու հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքներու շուտափոյթ մեկնարկին ուղղուած քայլերու հետեւողական իրագործման կարեւորութիւնը։
Անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանի մէջ կայունութեան ամրապնդման, երկարաժամկէտ խաղաղութեան եւ համագործակցութեան հաստատման վերաբերող հարցերու։
Հաշուի առնելով, որ Ապրիլին պիտի նշուի Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակը, Վլատիմիր Փութին Նիկոլ Փաշինեանը պաշտօնական այցով հրաւիրած է Ռուսաստան։ Հրաւէրը երախտագիտութեամբ ընդունուած է»,- նշուած է Քրեմլինի հաղորդագրութեամբ։