image

Փաշինեան-Էրտողան հեռախօսազրոյց. քննարկուած են ցամաքային սահմանի բացման գործընթացը

Փաշինեան-Էրտողան հեռախօսազրոյց. քննարկուած են ցամաքային սահմանի բացման գործընթացը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ։

Վարչապետը շնորհաւորած է նախագահը Ղուրպան Պայրամի առթիւ, իսկ նախագահը շնորհաւորած է վարչապետը գալիք Վարդավառի՝ Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնի առթիւ։

Ղեկավարները քննարկած են իրենց երկիրներու միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։ Այս ծիրէն ներս, քննարկուած է դիւանագիտական անձնագրեր ունեցողներու եւ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար ցամաքային սահմանի բացման մասին պայմանաւորուածութեան կատարման ընթացքը։