image

Փաշինեան ելոյթ ունեցաւ Ֆրանքոֆոնիայի համաժողովին

Փաշինեան ելոյթ ունեցաւ Ֆրանքոֆոնիայի համաժողովին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Փարիզի մէջ մասնակցած է Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան լիագումար նիստերուն: Այս մասին յայտնած են Կառավարութենէն:

Աշխատանքները մեկնարկուած են Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի ողջոյնի խօսքով: Քննարկուած են եւ հաստատուած գագաթնաժողովի օրակարգային հարցերը, նախագիծերն ու ընթացակարգերը: Մասնաւորապէս, քննարկուած են կազմակերպութեան անդամակցութեան կամ կարգավիճակի փոփոխութեան դիմումները: Յաջորդիւ Ֆրանքոֆոնիայի կազմակերպութեան նախարարական համաժողովի նախագահը հանդէս եկած է զեկոյցով` նախարարական համաժողովի 45-րդ նստաշրջանի աշխատանքներու վերաբերեալ: Ներկայացուած է նաեւ կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարի գործունէութեան վերաբերեալ հաշուետուութիւնը:

Տեղի ունեցած է լիագումար նիստ` «Ստեղծագործել, նորարարութեամբ զբաղիլ եւ նախաձեռնել ֆրանսերէնով` երիտասարդներու գործին համար» թեմայով: Նիկոլ Փաշինեան իր խօսքին մէջ անդրադարձած է Հայաստանի մէջ երիտասարդներու մէջ ֆրանսերէնի տարածման քայլերուն, միջազգային գործընկերներու հետ համագործակցութեամբ ծրագիրներու իրականացման: Վարչապետը մասնակցած է նաեւ «Միջազգային քաղաքական իրավիճակ. վերափոխուած բազմակողմ քաղաքականութիւն» թեմայով դռնփակ նիստին, որու ընթացքին հանդէս եկած է ելոյթով: