image

Փաշինեան դրական գնահատեց գերիներու ազատ արձակումը

Փաշինեան  դրական  գնահատեց գերիներու ազատ արձակումը

Ինչքանով հաւանական է, որ յառաջիկային ՀՀ-ի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրուի եւ ինչ սկզբունքներու հիման վրայ։ Այս հարցի վերաբերեալ դէպի ծով ելք չունեցող զարգացող երկիրներո  նախարարական հանդիպման խօսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

Ըստ անոր՝ եթէ Ատրպէյճանը չհրաժարի պայմանաւորուածութիւններէն եւ սկզբունքներէն, ապա մօտ ապագային խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը կը դառնայ շատ իրատեսական:

Ան արձանագրած է, որ երէկ արձանագրուած է շատ կարեւոր իրադարձութիւն՝ ՀՀ-ի ու Ատրպէյճանի միջեւ տեղի ունեցած է գերիներու փոխանակում։

«Չէի ուզի կեդրոնանալ յոռետեսութիւն ներշնչող փաստերի վրայ եւ կ՚ուզէի առնուազն երէկուայ իրադարձութիւնը համարել զրոյական մի կէտ, որից մենք կը կարողանանք ջանքեր գործադրել, որպէսզի հետագայ բոլոր լուրերը աւելի շատ վկայեն ՀՀ-ի ու Ադրբեջանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու հաւանականութեան մեծացման եւ ոչ թէ հակառակի մասին»,- շեշտած է Փաշինեանը։