image

Փաշինեան 31 հոկտեմբերին պիտի մեկնի Սոչի, հանդիպելու Փութինի եւ Ալիեւի հետ. Ալեն Սիմոնեան

Փաշինեան 31 հոկտեմբերին պիտի մեկնի Սոչի, հանդիպելու Փութինի եւ Ալիեւի հետ. Ալեն Սիմոնեան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 31 հոկտեմբերին պիտի մեկնի Սոչի: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան։

Հարցին՝ Փաշինեան եռակողմ հանդիպում պիտի ունենա՞յ Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հետ, Սիմոնեան պատասխանած է. «Ենթադրում եմ՝ հանդիպումը կը կայանայ»։

Պատասխանելով հարցին, թէ առարկայական արդիւնքներ կ'ակնկալուի՞ Ալիեւ-Փաշինեան հանդիպումէն՝ Սիմոնեան ըսած է.

«Ակնկալում եմ, որ բոլոր մեր այն գործընկերները, որոնք կան ՀԱՊԿ-ում, եւ մեր հիմնկան դաշնակիցն արդէն գիտակցում են, որ հայկական շահի գիծը կանգնել է, Հայաստանն այլեւս յետքայլ անելու որեւիցէ հնարաւորութիւն չունի»։