image
Հրատապ լուրեր:

Փարիզի եւ շրջակայքի մէջ բնակող Մխիթարեանցի սաներ իրենց վարժարանի հիմնադրութեան 200ամեակը տօնեցին

Փարիզի եւ շրջակայքի մէջ բնակող Մխիթարեանցի սաներ իրենց վարժարանի հիմնադրութեան 200ամեակը տօնեցին

Փարիզի եւ շրջակայքի մէջ բնակող Մխիթարեանցի սաներ, օրերս, հաւաքուած են տօնելու համար Մխիթարեան վարժարանի հիմնադրութեան 200ամեակը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Փարիզի եւ շրջակայքի մէջ բնակող Մխիթարեանցի սաներ, 5 Դեկտեմբեր Ուրբաթ գիշեր «Եանց» ակումբին մէջ հաւաքուեցան, իրենց կարգին տօնելու համար  Բանկալթը Մխիթարեան վարժարանի հիմնադրութեան 200ամեակը։ Իրաւ է որ, յատկապէս համաճարակի, նաեւ այլ պատճառներով, տարիներէ ի վեր ֆրանսաբնակ Մխիթարեացիներ չէին կարողացած այսպիսի հաւաքոյթ մը կազմակերպել։ Ուրեմն 200ամեակը մեծ առիթ եղաւ որ, անսալով Փարիզի Մխիթարեան Սանուց Միութեան կոչին, սաները վերստին քովէ քով քան նոյն խանդավառութեամբ։

Երեկոյեան բացումը կատարուեցաւ (ընթրիքը դեռ չսկսած) 200ամեակի քայլերգով, որ ունկնդրուեցաւ յոտնկայս, բոլոր ներկայ սաներուն կողմէ։ Յետոյ, Մխիթարեանցի նախկին սան, Փարիզի Մխիթարեան Սանուց Միութեան ատենապետ եւ համայնքային գործիչ Ալեքս Ալթընօղլու հակիրճ տողերով ներկայացուց վարժարանի պատմականը, ապա կարդաց այն գրաւոր հաղորդագրութիւնները որոնք այս հաւաքոյթի առթիւ հասած էին իրենց։ Այսպէս՝ Մխիթարեան վարժարանի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Տիկին Եւա Օրագեան ջերմ խօսքերով կը գնահատէր Իսթանպուլէն մղոններով հեռու ապրող սաներուն խանդավառութիւնն ու եռանդը՝ Մխիթարեանի ոգին ապրեցնելու պահելու ուղղութեամբ, 200ամեակի տօնակատարութիւններու կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Պր. Արսէն Գովան նմանապէս կ'ընդգծէր այս տիպար կրթօճախին վաստակը եւ կը շնորհաւորէր Փարիզի Մխիթարեանցիները որոնք հաւատարմութեամբ տէր կը կանգնին երկդարեայ  վարժարանին։

Այս հաղորդագրութիւններու ընթերցումէն ետք, ներկաները ունկնդրեցին եւ դիտեցին նաեւ Հայր Յակոբոս վրդ. Չօփուրեանի կողմէ ուղարկուած տեսանիւթը, որուն մէջ Վարդապետը 200ամեակի առընթեր կը խօսէր նաեւ դպրոցին  ներկայի մասին ու  կը փոխանցէր իր բարեմաղթանքներն ու աղօթքը։

Կարդացուեցաւ նաեւ 60ական թուականներուն  վարժարանի տարրաբանութեան ուսուցիչ Տր. քիմիագէտ Պր. Սուրէն Շէրիքի հաղորդագիրը. ան նոյնպէս կը շնորհաւորէր վարժարանի 200ամեակը, ի յայտ կը բերէր իր բարի յիշատակները եւ գնահատանքները՝ Մխիթարեանի նկատմամբ։ 

Այս բոլորէն անջատաբար, լռութեան պահով ոգեկոչուեցաւ յիշատակը ֆրանսաբնակ հանգուցեալ Մխիթարեանցիներուն, որոնք այս վերջին 10-15տարիներու ընթացքին հրաժեշտ առած են կեանքէն. անոնց թիւը կը հասնէր մօտաւորապէս 20ի։ Ի միջ այլոց յիշուեցաւ անշուշտ հանգուցեալ Արթօ Խաչատուրեան, 1938ի շրջանաւարտ լիսէի բաժնէն, Մխիթարեան Սանուց Միութեան հիմնադիր անդամներէն ու նաեւ շէնքին ճարտարապետը, աւելի՛ն, մօտաւորապէս 10 շրջան վարչութեան ատենապետ, եւ Փարիզի միութեան պատուակալ նախագահը մինչեւ իր մահը։

Ներկաները յիշեցին նաեւ նորոգ հանգուցեալ, մեր սիրելի Ռ. Հատտէճեանի փարիզաբնակ երկու դասընկերները, շրջանաւարտ 1944ին՝ Ժիրայր Մանուկեան եւ Յակոբ Քաբթան։

Բացի Ալեքս Ալթընօղլուէն, հաւաքոյթի յառաջացեալ ժամերուն խօսք առին նաեւ երկու սան, որոնք էին  1963ի շրջանաւարտ՝  Վարուժան Սրապեան եւ 1976ի շրջանաւարտ Թագւոր Մակատիս։ 

Ճաշկերոյթի ընթացքին իրենց նուագով ներկաներուն ընկերակցեցան Մխիթարեանցի դաշնակահար-երգիչ՝ Արսէն Սեֆէր եւ երգչուհի Այտա Մահտես, որ Փարիզի Մխիթարեան Սանուց Միութեան անդամ Թագւոր Մակատիսի դուստրն է։ Կէս գիշերուան մօտ ներկաները նախ խմբովին նկարուեցան եւ ապա իրարմէ բաժնուեցան գոհունակութեամբ, կարճ ժամանակ յետոյ վերստին զիրար վայելելու յոյսով։