image

Պէյրութի մէջ. Մահացած է ՀՄԸՄ-ական վաստակաւոր գործիչ՝ Ժագ Պոյաճեանը

Պէյրութի մէջ. Մահացած է ՀՄԸՄ-ական վաստակաւոր գործիչ՝ Ժագ  Պոյաճեանը

 Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն  կնքած է   ՀՄԸՄ-ական  երկար տարիներու  գործիչ ՝Ժագ Պոյաճեան։

 Այս մասին  «Արեւելք»   տեղեկութիւն ստացաւ   Պէյրութի  իր աղբիւրէն։

 

 Նշենք, որ  Ժագ Պոյաճեան  երեւելի դեր ունեցած է Լիբանանի  Պասքեթպոլի   շրջանականերուն մէջ  եւ   եղած է   Պասքեթպոլի   ֆէտէրասիոնի    հիմնադիրներէն մին։

 Նշենք նաեւ, որ  այս առթիւ ՀՄԸՄ-ի  Լիբանանի  Շրջանային Վարչութիւնը հրապարակած է   հաղորդագրութիւն մը, որ  կը ներկայացնենք ստորեւ՝

 

 Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Լիբանանի շրջանային վարչութիւնը կը գուժէ շրջանային վարչութեան նախկին անդամներէն,   «ծառայութեան»   եւ   «արժանեաց» շքանշանակիր, Լիբանանի պասքեթպոլի  ֆետերասիոնի նախկին անդամ, ֆութպոլիստ, պասքեթպոլիստ,  պասքեթպոլի  աղջկանց  եւ  Լիբանանի պասքեթպոլի  աղջկանց հաւաքական խումբի  մարզիչ՝

Եղբ. Ժագ Պոյաճեանի  մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 21 փետրուար 2021-ին։

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 21 փետրուար 2021֊ին, ժամը 3։00֊ին Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս։