Կեանքէն հեռացած է նշանաւոր ճարտարապետ-գիտնական, ճարտարապետութեան պատմաբան Մուրադ Հասրաթեանը։ Այս մասին յայտնած են Արցախի մշակոյթի նախարարութենէն։
Ան նշանակալի ներդրում ունեցած է Արցախի հայկական ճարտարապետական ժառանգութեան ուսումնասիրման եւ փաստագրման գործին մէջ։ Խորհրդային ժամանակաշրջանի անոր գիտական չափագրութիւններն ու հետազօտութիւնները՝ մասնաւորապէս Ամարասի, Գանձասարի, Դադիվանքի, Խաթրավանքի, Գտչավանքի վանքերու եւ Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց տաճարի վերաբերեալ, այսօր հիմնարար աղբիւր են Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան համար։
Անոր աշխատութիւնները կարեւոր դեր ունեցած են Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ իրականացուող կեղծարարութիւններուն գիտական պատասխան տալու գործին մէջ։
Ականաւոր գիտնականի յիշատակը պիտի մնայ յաւերժ մեր մշակութային յիշողութեան մէջ։