Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Արմենուհի Ազնաւուրեանը (Ծն.Ուղուրլեան ՝Պէյրութ)։
«Արեւելք» այս մասին տեղեկացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։
Իր շրջապատին կողմէ սիրուած եւ յարգուած Տիկին Արմենուհին հայկական ոգիով դաստիարակած է իր զաւակները եւ մինչեւ վերջին շունչ եղած է հպարտ հայուհի եւ հպարտութեամբ ալ խօսած է իր նախնիներու ծննդավայր Ատանայի մասին։
Իր ընտանեկան բոլոր պարտականութիւններէն բացի հայուհին եղած է նաեւ նուիրեալ խաչուհի ու դարձած է անդամ Լիբանանի Օգնութեան Խաչի (Լ.Օ.Խ.) «Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութեան։
Վերջերս անակնկալ անհանգստութեան մը հետեւանքով փոխադրուած է հիւանդանոց ու ծանր հիւանդութեան պատճառով ալ կնքած իր մահկանացուն։
Հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը տեղի ունեցած է Ուրբաթ օր Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք ալ անոր մարմինը յանձնուած է հողին՝ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ։
Այս առթիւ մեր ցաւակցութիւնները կը յղենք հանգուցեալի հարազատներուն եւ մասնաւորապէս Լիբանանահայ մշակութային-թատերական կեանքի նուիրեալներէն Տիար Վարդան Ազնաւուրեանին։