Հայ Աւետարանական համայնքի Լիբանանի երիտասարդ հովիւներէն՝ Վեր. Ժիրայր Ղազարեանի էջէն կը կարդանք՝
Երկար տարիներու ջանասէր աշխատանքէ ետք, Տիկին Ռուպինա Ալահայտոյեան-Արթինեան կ՚ամբողջացնէ «Լիբանանի Երգչախմբային Արուեստը 1920-2020» վերնագրով հատորը։
Վերոյիշեալ աշխատանքը հարստութիւն է Լիբանանի Հայ գաղութին համար, ինչպէս նաեւ՝ մշակութային մեծ աշխատանք։
Հայկազեան Համալսարանի հովանաւորութեամբ՝ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան ,Տիկին Արթինեանի կը յանձնէ նոր ծնունդ առած ու լոյս տեսած գիրքը։
Շնորհակալութիւն՝ Հայկազեան Համալսարանի լրատուական ու տպագրական ազնիւ ու նուիրական առաքելութեան համար։