image

Պէյրութի մէջ. Ի՞նչ ճակատագիր ունեցաւ տոլարներու «գտածոյ»ն

 Պէյրութի մէջ. Ի՞նչ ճակատագիր ունեցաւ տոլարներու «գտածոյ»ն

Համացանցի վրայ շրջանառութեան մէջ դրուած է տեսանիւթ մը, ուր երեւելի կը դառնայ մեծ քանակութեամբ եւ աղբակոյտի մէջ նետուած ամերիկեան տոլարներու մեծ քանակութիւն մը։

Կը նշուի նաեւ, որ Պէյրութի արուարձաններէն Սին Էլ Ֆիլ շրջանի քաղաքացիներ ափ ի բերան մնացած են յայտնաբերելէ ետք տոլարները ու աւելի ուշ պարզուած է, որ գտածոն կեղծուած տոլարներու հաւաքածոյ մըն է։ 

Շրջանի բնակիչները արագօրէն եղածին մասին իմաց տուած են պատկան մարմիններուն, որոնք ալ իրենց կարգին կատարած են հարկ եղածը հաւաքելով կեղծուած տոլարներու քանակութիւնը։

 

Նշենք, որ  լուրը պատրաստելու ընթացքին  մէջ էինք, երբ   նոր տեղեկութիւններ  հրապարակուեցան «Տոլարային գտածոյ»ին  մասին,   ըստ որոնց  գտնուած    գումարները  նախատեսուած էին նկարահանումներու   ընթացքին օգտագործելու  համար։