image

Պէյրութի մէջ. Գումարուած է ՀԲԸՄ-ի Շրջանային Առաջին Համագումարը (Լուսանկարներ)

Պէյրութի մէջ.  Գումարուած է ՀԲԸՄ-ի Շրջանային Առաջին  Համագումարը (Լուսանկարներ)

Անցնող փոթորկոտ տասնամեակի վերջին քանի մը տարիներու իրադարձութիւններուն եւ տագնապներուն, եւ անոնց իբր հետեւանք, աշխարհատարած հայ համայնքներուն համար ստեղծուած իրադրութենէն բխող նոր կողմնորոշումներուն եւ փոխուող վերաբերումներուն լոյսին տակ, Հ.Բ.Ը.Մ.ի կեդրոնական ղեկավարութիւնը ձեռնարկած է շրջանային համագումարներու շարքի մը, որոնք տեղի պիտի ունենան այս եւ յառաջիկայ տարուան ընթացքին, աշխարհագրական այն շրջաններուն մէջ, ուր Հայութիւնը եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ը ազդեցիկ ներկայութիւն մը կը կազմեն: 

Այս համագումարներուն նպատակն է, նախաձեռնական մօտեցումով, վերամշակել Միութեան առաքելութեան ապագայի տեսլականը եւ վերահունաւորել անոր գործունէութիւնը, համակարգուած քննարկումներու միջոցաւ, որոնք առիթ կ'ընձեռեն տեսակէտներու ազատ փոխանակումին, ինչպէս նաեւ տարբեր դիտարկումներու, գաղափարներու եւ գործելակերպերու յայտնաբերումին: 

17-19 Մարտ 2022 երկարող շաբաթավերջին, 70 պատգամաւորներ Հայաստանէն, Կիպրոսէն, Եգիպտոսէն, Ֆրանսայէն, Պարսկաստանէն, Իրաքէն, Յորդանանէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն եւ Զուիցերիայէն, հաւաքուած էին Պէյրութ, մասնակցելու համար եռօրեայ խտացեալ խորհրդաժողովի մը, որ յատկանշուեցաւ զուգընթաց տարբեր քննարկումներով, գնահատանքի հրապարակային դրսեւորումներով, պաշտօնական ընթրիքներով եւ գեղարուեստական բարձրորակ ձեռնարկով: 

 

Պերճ եւ Վերա Սեդրակեան Հանդիսասրահի Պաշտօնական Անուանակոչում 

Համագումարին նախորդող երեկոյեան, Հ.Բ.Ը.Մ.ի պատգամաւորները հրաւիրուած էին բարեգալստեան ընթրիքի մը, որուն ընթացքին կատարուեցաւ Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.ի Սին Էլ Ֆիլի Զապէլ Մովսէսեան Կեդրոնի հանդիսասրահին պաշտօնական անուանակոչումը, Պերճ եւ Վերա Սեդրակեան Սրահ, անունով, ի պատիւ Պերճ Սեդրակեանի նախագահութեան 20-րդ տարեդարձին եւ առ ի գնահատանք Տէր եւ Տիկին Պերճ եւ Վերա Սեդրակեաններու անվերապահ նուիրումին եւ անխոնջ աշխատանքին ի խնդիր Հ.Բ.Ը.Մ.ի առաքելութեան: 

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի Ատենադպիր Տիկին Սիլվա Լիպարիտեան եւ Յանձնաժողովի անդամ Կէրի Նազարեան, իրենց ելոյթներով բարձր գնահատեցին Տէր եւ Տիկին Սեդրակեանները, անոնց կենսանուէր ծառայութեան եւ հայ ժողովուրդի միասնութեան եւ կազմակերպչական նախաձեռնութիւններու ուղղուած ճիգերուն համար, որոնց իբր արդիւնք, ներկայ արագ փոխուող ժամանակներուն եւ ծաւալող կարիքներուն ընդառաջ, Միութիւնը յաջողած էր ցուցաբերել ճկուն եւ արդիւնաւոր գործունէութիւն: Այս առթիւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս Օրհնութեան Եւ Գնահատանքի Յատուկ Գիրով մը պատուեց Նախագահ Պերճ Սեդրակեանը: 

Ձեռնարկին ներկայ պաշտօնական անձնաւորութիւններու շարքին մաս կը կազմէին Ազնուաշուք Տիկին Լէյլա Սոլհ, Տիկին Մէյ Միքաթի, Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Տիար Վահագն Աթաբէկեան, Երեսփոխան Հրամանատար Ժան Թալուզեան, Ճարտարարուեստի Նախարար Ճորճ Պուճիքեան եւ Նախկին Երեսփոխան եւ Բարերար Տէր եւ Տիկին Արթիւր եւ Թամար Նազարեանները: 

Երկօրեայ Բովանդակային Խոր Քննարկումներ եւ Վերլուծական Զրոյցներ

18-19 Մարտին, ՀԲԸՄիութեան Տեմիրճեան Կեդրոնէն ներս տեղի ունեցան ծրագրուած խորհրդաժողովները:

Առաջին նիստին, բարի գալուստի եւ բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի Ատենապետ Ժէրար Թիւֆէնքճեան, որ ներկայացուց համագումարի ծրագիրը եւ հրաւիրեց Նախագահ Պերճ Սեդրակեանը որպէսզի բացատրէ կազմակերպուած հանդիպումներուն նպատակը եւ կարեւորութիւնը՝ մարդկութիւնը եւ հայութիւնը յուզող լրջագոյն խնդիրներուն դէմ յանդիման: Նախագահը շեշտեց թէ անհրաժեշտ էր հանգամանօրէն անդրադառնալ Սփիւռքի, Հայրենիքի եւ Հայ Ինքնութեան վերաբերեալ հարցադրումներուն, աւելցնելով, թէ երիտասարդները պիտի ստանձնէին Հ.Բ.Ը.Մ.ի առաքելութիւնը շարունակելու յանձնառութիւնը: Ակնարկելով տարբեր շրջանակներու տեղական յատուկ մտահոգութիւններուն, ան ըսաւ, թէ համագումարի քննարկումներու ընթացքին, տեղական թէ ընդհանրական մտահոգութիւններուն վերաբերեալ, պէտք էր հեռատեսական տրամադրութիւն ցուցաբերել:

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան Անդամ եւ Միացեալ Թագաւորութեան ներկայացուցիչ Քամիլիօ Ազզուզ ներկայացուց համագումարի օրակարգերը եւ վարեց յաջորդական նիստերը: 

Առաջին օրուան նիստերու ընթացքին խումբ մը հեղինակաւոր զեկուցաբերներ ներկայացուցին եւ քննարկեցին իրենց գաղափարները եւ տեսակէտները: Կը մասնակցէին, Դեսպան Գրիգոր Յովհաննէսեան՝ Արարատ Պէնք -ի Նախագահ, Եղիա Թաշճեան՝ Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի Ուժանիւթի եւ Զարգացման Խնդիրներու Վերլուծաբան, Վերապատուելի Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան՝ Հայկազեան Համալսարանի Նախագահ, եւ Դոկտ. Ասպետ Քոչիքեան՝ Դասախօս Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի: Առաջին խորհրդաժողովի նիւթն էր՝ Այսօրուան Հայաստանը եւ Ապագայի Հեռանկարներ, իսկ երկրորդինը՝ Համաշխարհային Սփիւռքը Այսօր: 

Երրորդ եւ Չորրորդ նիստերը կեդրոնացան Հայ Եկեղեցին եւ Միջին Արեւելքի Սփիւռքահայութիւնը նիւթերուն վրայ: Իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեան, Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդ Արմաշ Եպս. Նալպանտեան եւ Ս. Էջմիածնի Գէորգեան Ընծայարանի Գերագոյն Հոգեւոր Տեսուչ եւ Կրթական Վարիչ Շահէ Ծայրագոյն Վարդապետ Անանեան, Հայկազեան Համալսարանի Հայագիտական Բաժնի դասախօս Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, Հայկազեան Համալսարանի Ընկերային եւ Հոգեբանական Գիտութիւններու ուսուցիչ Շաղիկ Խուտավերտեան եւ Միջին Արեւելքի Մալքոլմ Հ. Քէրր Գարնէկի Պէյրութի Կեդրոն-ի այցելու հետազօտող՝ Արմենակ Թոքմաճեան: 

Քննարկումները կ'ընդգրկէին նիւթեր որոնք կը վերաբերէին Հայութեան, յետ- պատերազմեան Հայաստանին, Սփիւռքի համընդհանուր իրադրութեան եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի համայնքներուն, Հայ Եկեղեցւոյ վերաբերեալ խնդիրներուն, համաշխարհայնական հասարակական կապերով իրարու առնչուող համայնքներու ազգային ինքնութեան, տարբեր սերունդներու աշխարհահայեացքներուն եւ հայեցիութեան փոխուող հասկացողութիւններուն, երիտասարդութեան հեռանկարներուն եւ այլ փոփոխուող նախապատուութիւններուն եւ հայաշխարհի տարածքին տիրող տրամադրութիւններուն: 

Երկրորդ օրուան նիստերուն ընթացքին, մասնակիցները խորհրդակցութիւննր վարեցին եւ ընդհանուր գիծերու մէջ կարծիքներ փոխանակեցին այն մասին, թէ նախորդ օրուան քննարկումներու արդիւնքները ինչ ձեւով կրնային ի գործ դրուիլ Հ.Բ.Ը.Մ.ի գործունէութեան մէջ: Երկխօսութիւնները կը կատարուէին համաշխարհային, շրջանային եւ տեղական շրջագիծերէ ներս, գլխաւորաբար կեդրոնանալով Միջին Արեւելքի մէջ Հ.Բ.Ը.Մ.ի դերին վրայ: Անցնող տարիներուն, այս շրջանը ենթարկուած էր անհամեմատ ծանր վերիվայրումներու որոնք աղիտալի հետեւանքներ ունեցած էին Սուրիոյ եւ Լիբանանի համայնքներուն եւ հայութեան համար: Զրոյցները կը վարէին Հ.Բ.Ը.Մ.ի Հայաստանի Գործադիր Տնօրէն Մարինա Մխիթարեան, Դեսպան Գրիգոր Յովհաննէսեան, Քամիլիօ Ազզուզ եւ Երուանդ Զօրեան, նոյնպէս Կեդրոնական Վարչութեան Անդամ: 

Նոյն օրը երեկոյեան, համագումարը հիւրընկալող Լիբանանի շրջանակը, կազմակերպած էր յատուկ համերգ մը, կատարողութեամբ Լիբանանի Ֆիլհարմոնիք Նուագախումբին, ղեկավարութեամբ Մայեսթրօ Կարօ Աւէսեանին: Համերգը տեղի ունեցաւ Մօնօ շրջանին մէջ գտնուող Սէնթ Ժոզէֆ հոյակերտ եկեղեցիին մէջ: 

Անդրադառնալով եռօրեայ համագումարի ընթացքին տեղի ունեցած բուռն քննարկումներուն եւ յիշատակելի պահերուն, Նախագահ Պերճ Սեդրակեան իր անձնական երախտագիտութիւնը եւ գոհունակութիւնը յայտնեց իրագործուած նախաձեռնութեան համար: Ան նշեց, թէ «Նշանակելի եւ քաջալերական էր տեսնել մեծ թիւով տաղանդաւոր եւ ոգեշունչ մտաւորական առաջնորդ դէմքեր եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի անդամներ, որոնք հաւաքուած էին բաժնելու իրենց փորձագիտութիւնը եւ գաղափարները: Բոլորին մօտ ակնյայտ էր բարձրագոյն մակարդակներու վրայ խնդիրները վերլուծական եւ առարկայական մօտեցումով եւ անկեղծ ոգիով քննարկելու տրամադրութիւնը, ինչ որ կենսական է Հ.Բ.Ը.Մ.ին համար, կարճաժամկէտ թէ երկարաժամկէտ ռազմավարութեան, ծրագիրներու եւ հասանելի նպատակներու մշակումին համար: Համոզուած եմ, որ երբ աշխարհի տարածքին ծրագրուած այս համագումարները իրենց լրումին հասնին, մեզի համար կարելի պիտի ըլլայ ճշդօրէն դիրքաւորուիլ, դիմագրաւելու համար ծանրագոյն մարտահրաւէրները եւ օգտագործելու այն խոստմնալի առիթները, որոնք պիտի ներկայանան մեզի»: