image

Պէյրութի մէջ. Բարեպաշտ հայուհի՝ Արփինէ Սարգիսեան- Տէյիրմենճեանի կորուստը

Պէյրութի մէջ. Բարեպաշտ հայուհի՝ Արփինէ Սարգիսեան- Տէյիրմենճեանի կորուստը

Օրերս տխուր լուր ստացանք Պէյրութէն։

Մահացած է Պէյրութի հայկական համայնքի նուիրեալ անդամներէն՝ Տիկն. Արփինէ Սարգիսեան- Տէյիրմենճեանը։

Տիկն. Արփինէի մահուան մասին «Արեւելք» իմացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։

 

Ստորեւ կը ներկայացնենք հանգուցեալի հակիրճ կենսագրութիւնը։

Արփինէ Սարգիսեան Տէյիրմէնճեան ծնած է 1939-ին, Պէյրութ, Սողոմոն եւ Ֆլօրա Սարգիսեաններու յարկին տակ: Ան ունեցած է երկու քոյր եւ մէկ եղբայր՝ Հերմինէ, Սեդա եւ Պերճ: Ընտանիքը տեղափոխուած է Հալէպ, ուր իր նախնական ուսումը ստացած է Հալէպի Բեթէլ եւ Կենաց վարժարաններէն ներս: Պաշտօնավարած է կարճ շրջան մը Հալէպի Ուսումնասիրաց վարժարանին մէջ որպէս ուսուցչուհի:

1959-ին ամուսնացած է Պետրոս Տէյիրմէնճեանի հետ: 1961-ին տեղափոխուած են Պէյրութ: Աստուած օրհնած է իրենց ընտանիքը երեք զաւակներով՝ Կարպիս, Վիգէն եւ Հրակ, եւ հինգ թոռներով:

Պէյրութի մէջ Պետրոս եւ Արփինէ Տէյիրմէնճեանները միացած են Էշրէֆիէի Հայ Աւետ. Եկեղեցիին:

Տիկ. Արփինէ առաջին օրէն միացած է Եկեղեցիին Տիկնանց Միութեան եւ դարձած է գործօն անդամ եւ ապա վարչութեան ատենապետուհի: Ան ծառայած է եկեղեցիին տարբեր գործունէութիւններուն մէջ սիրով եւ նուիրումով: Ան նաեւ երկար տարիներ ծառայած է ՔԱՀԼ-ի Տիկնանց Օժանդակ ՅանձնախումբԷն ներս:

Տիկ. Արփինէ ճանչցուած էր Հայկական ձեռագործներու հանդէպ իր ունեցած հմտութեամբ եւ աշխատանքով, եւ միշտ հիւրասիրած էր շատեր իր համադամ ճաշերով:

Ի ամուսնոյն՝ Տիար Պետրոս Տէյիրմէնճեանի մահէն ետք 2009-ին, ան վայելեց իր զաւակներուն, հարսերուն ու թոռներուն սէրն ու հոգածութիւնը: Սակայն իր առողջութիւնը հետզհետէ վատթարացաւ եւ վերջին հանգրուանին յաճախ հիւանդանոցային հոգածութեան կարիքը ունեցաւ:

Տիկ. Արփինէ ի Տէր ննջեց Հինգշաբթի, 25 Յուլիս, 2024-ի առաւօտուն:

Հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի պաշտամունքը տեղի պիտի ունենայ Պէյրութի Էշրէֆիյէ շրջանի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ։

Աւարտին կցելով մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները, նշենք, որ հանգուցեալը մայրիկն է լիբանանահայ գործարար Տիար Կարպիս Տէյիրմենճեանին եւ մեծ մայրը AMAA-ի Հայաստանի ներկայացուցիչ՝ Տիար Արէն Տէյիրմենճեանին։