image

Պէյրութ. Ոգեկոչուեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 35-րդ տարելիցը

Պէյրութ. Ոգեկոչուեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 35-րդ տարելիցը

Պէյրութահայ երիտասարդութիւնը գլխաւորութեամբ ՀՅԴ երիտասարդական միութեան ՝ ԼԵՄ-ին, երէկ  ոգեկոչման  ձեռնարկով ոգեկոչեց Լիզպոնի  գործողութեան    35 -րդ  տարելիցը։

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած ոգեկոչման ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Լիզպոնի հինգ հերոսներու յիշատակին իբրեւ յարգանք մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ: Անկէ ետք քարոզչական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Նարօտ Սէրուժեան, որ Լիզպոնի գործողութիւնը նկատեց հայոց նորագոյն պատմութեան ամէնէն պանծալի էջերէն մէկը` հաստատելով, որ 35 տարի ետք եւս քաջութեան, աներեր կամքի, անսակարկ պատրաստակամութեան եւ եզակի զոհողութեան գերագոյն ոգիի տէր 5 տղոց յիշատակը վառ կը մնայ պահանջատէր իւրաքանչիւր հայ երիտասարդի հոգիին մէջ, գրեթէ ամէնօրեայ ներկայութեամբ

Ապա երկու բաժինով ցուցադրուեցաւ Լիզպոնի 5 տղոց կեանքը, անոնց խօսքերը, ինչպէս նաեւ Բենիամին Պչաքճեանի, Վաչէ Բրուտեանի, Երուանդ Փամպուքեանի եւ Յովիկ Պերթիզլեանի կողմէ գործողութեան արժեւորումը ներկայացնող համապարփակ տեսերիզ մը:

Օրուան պատգամը ուղղեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ անդրադարձաւ նախանցեալ գիշեր տեղի ունեցած ջահերթին ընթացքին ստացած իր տպաւորութիւններուն եւ դիտել տուաւ, թէ մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը, որ կարգապահ ու հաւատարիմ շարքերով ուղղուեցաւ գերեզմանատուն` իր յարգանքի տուրքը մատուցելու 5 հերոսներու յիշատակին, ֆիզիքապէս ծանօթ չէր տղոց, բայց ներկայ էր ու մասնակից: «Ազգերու պատմութիւնը, ազատագրական պայքարները, գաղափարական նուաճումները, հայրենասիրական պողպատացումները կը կատարուին ներկաներով, գործին հաւատացեալներով ու գործը շարունակելու երդումը պահպանող անհատներով», ըսաւ Բագրատունի` աւելցնելով, որ մեր երիտասարդութիւնը, որուն հանդէպ տարաբնոյթ որակումներ կը կատարուէին ու կը կատարուին միշտ, իր ներկայութեամբ 35-րդ անգամ ըլլալով եկաւ փաստելու, որ հետապնդողն է հայութեան հարցերուն, կամաւոր բանակն է, որ հակառակ իր սահմանափակ զէնքերուն, հաւատքն ու կամքը կը վերածէ պայթիւնի` քանդելու ամէն կապանք, խորտակելու ամէն պատնէշ եւ կրնկակոխ քայլերով կ՛ընթանայ առաջ» եզրակացուց  Յ.Բագրատունի։

Ձեռնարկին ընթացքին Ռազմիկ Տէրունեան ասմունքեց Յովհաննէս Շիրազի «Լիզպոնի ողջակէզներին» բանաստեղծութիւնը, իսկ Արմիկ ու Հերմիկ Աբրահամեաններ երգեցին Լիզպոնի տղոց նուիրուած երգեր` դաշնակի ընկերակցութեամբ Հայկ Քէշիշեանի:

 

Ձեռնարկը վերջ գտաւ «Վէրքերով լի» երգին երգեցողութեամբ:

 

 Թղթակցութիւնը ՝ «Ազդակ»էն (Յապաւուած)