image

Այսօր լրումին հասաւ 27 հոկտեմբերի ոճրագործութեան 25-րդ տարելիցը

Այսօր լրումին հասաւ 27 հոկտեմբերի ոճրագործութեան 25-րդ տարելիցը

Այսօր կը լրանայ Հոկտեմբեր 27-ի ոճրագործութեան 25-րդ տարելիցը:

25 տարի առաջ այս օրը՝ երեկոյեան ժամը 17:00-ի մօտերը ՀՀ Ազգային ժողովի հերթական նիստի ժամանակ նիստերու դահլիճ ներխուժեցին զինուած անձինք, որոնք կրակ բացին՝ թիրախ ընտրելով ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Կարէն Տեմիրճեանն ու վարչապետ Վազգէն Սարգսեանը: 27 հոկտեմբեր 1999-ին ԱԺ-ի մէջ Օրէնսդիր եւ Գործադիր մարմիններու հարց ու պատասխանի ժամն էր:

Զինուած անձերն էին Նայիրի Յունանեան, Կարէն Յունանեան, Էտուարտ Գրիգորեան, Վռամ Գալստեան, Դերենիկ Բեճանեան: Անոնց բացած կրակէն սպանուեցան ԱԺ նախագահ Կարէն Տեմիրճեանը, վարչապետ Վազգէն Սարգսեանը, Ազգային ժողովի փոխխօսնակներ Ռուբէն Միրոյեանն ու Եուրի Բախշեանը, նախարար Լեոնարտ Պետրոսեանը, պատգամաւորներ Արմենակ Արմենակեանը, Հենրիկ Աբրահամեանը եւ Միքայէլ Քոթանեանը:

27 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած գործողութիւններու ղեկավարը Նայիրի Յունանեանն էր: Յետագային Նայիրի Յունանեանը ցուցմունք տուած եւ յայտարարած է, թէ ինք պետական մակարդակով ահաբեկչական ծրագիրներ ունեցած է 1991 թուականին, բայց հանգամանքներու բերումով չէ կրցած իրագործել:

Ան ՀՀ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանէն պահանջած էր հեռուստատեսութեամբ ուղիղ եթերով ելոյթ ունենալու հնարաւորութիւն եւ արդար դատի երաշխիքներ, որոնք չէին տրուած իրեն։ Արդէն 28 հոկտեմբերին ձեռնարկուեցաւ պատանդները ազատագրելու գործողութիւններ՝ զինուած անձինք ձերբակալուեցան:

Ահաբեկչութիւնը իրականացուցած անձերու դատավճիռը հրապարակուեցաւ  2 դեկտեմբեր 2003-ին, Նորք-Մարաշ շրջանային դատարանի դատաւոր Սամուէլ Ուզունեանի կողմէ: «27 Հոկտեմբերի» գործողութեան հեղինակներէն 6-ը դատապարտուեցան ցմահ, իսկ մէկը՝ 14 տարուայ ազատազրկման:

Հակառակ  զինեալներու ձեռբակալման եւ անոնց  դէմ  արձակուած դատական վճիռներուն 27 հոկտեմբերի գործը տակաւին ամբողջութեամբ չէ բացայայտուած:

Ցմահ դատապարտուածներէն Վռամ Գալստեանը, ըստ պաշտօնական վարկածի, 27 ապրիլի 2004-ին ինքնասպան եղած է «Նուպարաշէն» ՔԿՀ-ի մենախուցին մէջ:

Գործով 14 տարուան ազատազրկման դատապարտուած Համլեթ Ստեփանեանը մահացած է 2010-ի մայիսին՝ սրտի կաթուածով:

Գործով մեղադրեալներէն Նորայր Եղիազարեանը մահացած է նախքան դատավճիռի հրապարակումը՝ «Նուպարաշէն» ՔԿՀ-ի իր խուցին մէջ ելեկտրահարուելու հետեւանքով:

Էտուարտ Գրիգորեանը մահացած է 3 նոյեմբերի 2017-ին «Էրեբունի» բժշկական կեդրոնին մէջ:

Նայիրի Յունանեանը կը շարունակէ կրել պատիժը:

Նորանակախ  Հայաստանի եւ հայ  ժողովուրդի արդի պատմութեան  մէջ  ցնցիչ դէպք հանդիսացող այդ  սպանութիւնը ցայսօր ալ  կը շարունակէ  «ծանր բեռ» մնալ ամբողջ  հայութեան ուսերուն:

Այդ սպանդով  կը գլխատուէր մեր օրերու հայութեան առաջնորդող միտքն  ու մարտական ոգին եւ այդ մասին կը վկայեն այդ օրերուն հանրային գործունէութիւն տարած Հայաստանի եւ սփիւռքի գործիչներէն շատ շատերը: