image

Ռուսիոյ Քուրսքի, Պրեանսքի եւ Պելկորոտի շրջաններուն մէջ սահմանուած է հակաահաբեկչական գործողութեան ռեժիմ

Ռուսիոյ Քուրսքի, Պրեանսքի եւ Պելկորոտի շրջաններուն մէջ սահմանուած է հակաահաբեկչական գործողութեան ռեժիմ

Ռուսիոյ Քուրսքի, Պրեանսքի եւ Պելկորոտի շրջաններուն մէջ սահմանուած է հակաահաբեկչական գործողութեան ռեժիմ։

«Ազգային հակաահաբեկչական կոմիտէի նախագահ, Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան տնօրէն Ալեքսանտր Պորթնիքովը որոշած է 2024 թուականի օգոստոս 9-էն հակաահաբեկչական գործողութիւններ կազմակերպել Պելկորոտի, Պրեանսքի եւ Քուրսքի շրջաններուն մէջ»,- նշած են Ազգային հակաահաբեկչական կոմիտէէն։

Նշուած է, որ ատոր նպատակն է ապահովել քաղաքացիներու անվտանգութիւնը եւ կանխել «ահաբեկչութիւնները Ուքրանիոյ կողմէ, որ փորձած է ապակայունացնել իրավիճակը Ռուսիոյ Դաշնութեան շրջաններու մէջ»։