image

Պէյրութ. Մեծ հանգանակութիւն ի նպաստ Ազգային Վարժարաններուն. Պաշտօնական ընթրիքին ներկայ եղած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

 Պէյրութ. Մեծ հանգանակութիւն ի նպաստ Ազգային Վարժարաններուն. Պաշտօնական ընթրիքին ներկայ եղած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Պէյրութի հայկական վարժարանները ոտքի պահելու  կարեւոր ճիգերը կը շարունակուին։ Օրերս նիւթական  հանգանակութիւն ապահովելու նպատակով տեղի ունեցած է պաշտօնական ընթրիք մը, որուն իր հայրական մասնակցութիւնը բերած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը։

Ստորեւ «Ազդակ»էն ստանալով այդ լուրը, համառոտակի տարբերակով կը ներկայացնենք «Արեւելք»ի ընթերցող հասարակութեան 

Բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանին ու Ազգային վարչութեան, ուրբաթ, 16 յունուար 2026-ին «Լը Կրէյ» պանդոկի «Լը կրան սալոն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք` ի նպաստ լիբանանահայ ազգային վարժարաններուն։

Մասնակցեցան պետական եւ ազգային երեսփոխաններ, քաղաքական ու համայնքային ներկայացուցիչներ, քաղաքապետներ, բարերարներ եւ բարեկամներ։

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավար Մարալ Մխսեան, որ պարզեց հաւաքին նպատակը եւ կոչ ուղղեց աջակցելու ազգային վարժարաններուն։

Օրուան հիմնական խօսքը արտասանեց թեմի Երեսփոխանական ժողովի ատենադպիր դոկտ. Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեան՝ շեշտելով ազգային վարժարանին դերը իբրեւ ինքնութեան յենարան, հաւաքական յիշողութեան վայր եւ սերունդներու ազգային ու մարդկային դաստիարակութեան հարթակ։ Ան ընդգծեց, որ ազգային դպրոցը նաեւ յոյսի միջավայր է, եւ անոր շարունակութիւնը կը պահանջէ հաւաքական պատասխանատու զօրակցութիւն։

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ ազգային վարժարաններու գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը։

Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան հաստատեց, որ հայ դպրոցը լիբանանահայ կեանքի հիմնասիւնն է, որ հակառակ երկրին մէջ տիրող տագնապներուն, շարունակեց իր առաքելութիւնը՝ շնորհիւ համայնքի նուիրումին եւ բարերարներու աջակցութեան։

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան շեշտեց, որ հայ դպրոց պահելը կը պահանջէ քաջութիւն ու զոհողութիւն, եւ ընդգծեց, որ գալիք սերունդներու հանդէպ մեր պարտաւորութիւնը կը պարտադրէ նիւթական եւ բարոյական լայն աջակցութիւն։ Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ բոլոր նուիրատուներուն՝ վերջին տարիներուն ցուցաբերած ամբողջական օժանդակութեան համար։

 

Առաջնորդ սրբազանը նաեւ յայտնեց, որ Արամ Ա. վեհափառի գահակալութեան 30-ամեակին առիթով, Տուպայէն Մակի Մղտեսեան-Սողոմոնեան 100.000 ամերիկեան տոլար նուիրեց լիբանանահայ ազգային վարժարաններուն։

 

Իր խօսքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտեց, որ սփիւռքեան կեանքի երեք հիմնասիւներն են՝ եկեղեցին, դպրոցը եւ ակումբը, եւ հաստատեց, որ հայ դպրոցը կը պատկանի ժողովուրդին, հետեւաբար կը պահանջէ պատկանելիութիւն, պատասխանատուութիւն եւ թափանցիկութիւն։ Վեհափառը նաեւ ընդգծեց հայ դպրոցի ազգային միջավայրը, մակարդակը եւ մնայուն օժանդակութեան անհրաժեշտութիւնը՝ կոչ ուղղելով այս նախաձեռնութիւնը դարձնել շարունակական եւ կազմակերպուած գործընթաց։

 

Ըստ կազմակերպիչներուն՝ ի նպաստ ազգային վարժարաններուն հանգանակուած ընդհանուր գումարը հասած է 350.400 ամերիկեան տոլարի։