image

Պէյրութ. Կարօ Պօղոս Մարգարեանի ողբերգական մահը

Պէյրութ. Կարօ Պօղոս Մարգարեանի ողբերգական մահը

   «Արեւելք» (Պէյրութ),-Օրերս Պէյրութի մէջ ինքնաշարժի արկածի զոհ գացած է լիբանանահայ երիտասարդ Կարօ Պօղոս Մարգարեանը (35 տարեկան)։

«Արեւելք»ի տեղեկութիւններով՝ ինքնաշարժի ծանր արկածը պատահած է քրիստոնէաբնակ «Տըպայա» շրջանին մէջ։

Բարեկամներու լայն շրջանակ ունեցող Կարօն սիրուած էր  բոլորին կողմէ։

Պարզ, անկեղծ եւ ընկերներուն հաւատարիմ երիտասարդը վաղ տարիքէն նետուած էր կեանքի ասպարէզ՝ դառնալով հմուտ եւ ճարտար ոսկերիչ մը։

 

Վերջին շրջանին ազդուելով Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական բարդ վիճակներէն՝  Կարօն իր ապրուստը կը հոգար ձկնորսութեան միջոցով։

 

Կը նշուի նաեւ, որ Կարոյի գարուն հասակը խլած ինքնաշարժի այս արկածը անոր կեանքին մէջ երրորդն էր, սակայն շատ աւելի ծանր, քան՝ անոր նախորդած արկածները։

Կարոյի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցած է Պուրճ Համուտի (Թիրո շրջան) Հայց. Առաքելական Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ՝ ի ներկայութիւն ընտանեկան պարագաներու եւ Կարոն ճանչցած ու սիրած բարեկամներու լայն շրջանակի մը։

 

«Ճակատագրի խա՞ղ»,թէ՞ ողբերգութիւն. ամէն պարագայի Լիբանանի մէջ ինքնաշարժներու արկածներն ու այդ դէպքերուն ի հետեւանք եղած ողբերգութիւնները կը շարունակեն տիրական թեմա դառնալ, եւ խնդրի փարատման կարեւորագոյն ազդակը կը շարունակէ մնալ անհատի զգօնութիւնը։