image

Պետքարտուղարութիւնը մեկնաբանած է Ատրպէյճանի ոչ կառուցողական որոշումը

Պետքարտուղարութիւնը մեկնաբանած է Ատրպէյճանի ոչ  կառուցողական որոշումը

Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ աջակցիլ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւններուն։ Այս մասին հինգշաբթի օր կայացած ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի քարտուղար Մեթիւ Միլլըրը՝ մեկնաբանելով Պաքուի հրաժարիլը Ուաշինկթընի մէջ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման մասնակցելէ։

«Մենք կը շարունակենք աջակցիլ խաղաղ բանակցութիւններուն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խնդիրները լուծելու համար:

Մենք կը խրախուսենք երկու երկիրները մասնակցելու այդ բանակցութիւններուն, ըլլայ այդ Միացեալ Նահանգներու մէջ, թէ այլուր, եւ մենք կը շարունակենք այդ քաղաքականութիւնը»,-ըսած է ան:

Նշենք, որ Պաքուն հրաժարած է հանդիպումէն, որ պէտք է կայանար նոյեմբեր 20-ին, Ուաշինկթընի մէջ՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով։