image

«Պէտք է փոխել առկայ պատկերը» Փաշինեանի անդրադարձը հարեւաններու հետ յարաբերութեանց

«Պէտք է փոխել առկայ պատկերը» Փաշինեանի անդրադարձը հարեւաններու հետ յարաբերութեանց

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը կարծէ, որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական նպատակը պէտք է ըլլայ բոլոր հարեւաններու հետ բնականոն յարաբերութիւններու հաստատումը:

Այս մասին Փաշինեան ըսած է չեխական «Respekt» ամսագրին տուած հարցազրոյցին՝ պատասխանելով հարցին, թէ ինչ դասեր քաղած է Հայաստանը վերջին 15 ամսուան ընթացքին:

«Մեր բարդ պատմութեան պատճառով մենք սովորել ենք նորմալ յարաբերութիւններ չունենալ մեր որոշ հարեւանների հետ: Դա փոխելը մեր երկրի համար կենսական կարեւոր նշանակութիւն ունի: Շատ պարզ է թուում, սակայն դրա իրականացումը  տասնեակ խնդիրների հետ է կապուած. կան որոշ հոգեբանական եւ պրակտիկ խնդիրներ: Հայ հասարակութեան համար նման ուղերձը դիւրամարս չէ»,-նշած է վարչապետը:

Ան պատմած է, որ վերջերս Ազգային ժողովէն ներս խօսած է Հայաստանի հարեւաններու հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին, եւ ընդդիմադիր պատգամաւոր մը ընդդիմացած է՝ ըսելով, որ վարչապետն այնպէս կը խօսի, ըսես Հայաստանի հարեւանը  Շուէտն է:

«Ես պատասխանեցի՝ լաւ կը լինի, եթէ ուսումնասիրենք Սկանդինաւիայի եւ Եւրոպայի պատմութիւնը: Եթէ մենք կարծում ենք, որ Սկանդինաւիան միշտ այդքան խաղաղ է եղել, որքան հիմա, մենք սխալւում ենք: Այդ ժամանակ ինձ ընդդիմացան՝ ասելով, որ, ի տարբերութիւն մեզ, Սկանդինաւիայում ցեղասպանութիւն չի եղել: Այո՛, մեր եւ Սկանդինաւիայի միջեւ շատ տարբերութիւններ կան, սակայն կարծում եմ՝ էութիւնը յստակ է՝ պատմութիւն կերտողները մարդիկ են»,-շեշտած է Նիկոլ Փաշինեանն ու աւելցուցած՝ Հայաստանը լաւ յարաբերութիւններ ունի Վրաստանի ու Իրանի հետ եւ պէտք է շարունակէ բարելաւել այդ յարաբերութիւնները:

Անոր խօսքով՝ Հայաստանը այժմ գրեթէ ոչ մէկ յարաբերութիւն ունի Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ, որ պէտք է փոխել: