image

Պէտք չէ պատարագը վերածել քաղաքական միթինկի. Ալեն Սիմոնեան

Պէտք չէ պատարագը վերածել քաղաքական միթինկի. Ալեն Սիմոնեան

Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի համար անընդունելի է, որ հոգեւորականը զբաղի քաղաքականութեամբ, որ ըստ Ազգային Ժողովի խօսնակի՝ առեւտուր է։ Այս մասին ան յայտարարած է Ազգային Ժողովէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցին։

«Այո, քաղաքականութիւնը առեւտուր է, իսկ Աստուածաշնչում ասուած է`իմ հօր տունը մի դարձրէք առեւտրի տեղ։ Ձեզ թւում է, որ մենք միջազգային մեր գործընկերների հետ բանակցում ենք, առեւտուր չի։ Առեւտուր է, երբ կոալիցիա ես ստեղծում, ցուցակ ես կազմում։ Եկեղեցին իր գործը թողած դրանով է զբաղուած»,– ըսած է ան։

Ան անընդունելի համարած է, որ պատարագը կը վերածուի քաղաքական «միթինկ»ի։ Ալեն Սիմոնեանը վստահեցուցած է, որ Աստուածաշունչով այդ անընդունելի է։

Ան անհեթեթութիւն անուանած է հաւանականութիւնը, թէ «Քաղաքացիական Պայմանագրի» պատգամաւորները կ՚ընդունին Բագրատ սրբազանի հաշտեցման գործընթացն ու ընդառաջ քայլ կ՚ընեն։

«Նման բան չկայ, չի քննարկւում, ու ես զարմանում եմ, որ մարդիկ մտածում են, թէ գէթ մէկ մարդ կարող է դա քննարկել»,–ըսած է ան։

Ազգային Ժողովի խօսնակի կարծիքով՝ ընդդիմութեան բոլոր նախկին առաջնորդները սպառած ու վարկաբեկած են իրենց եւ այսօր իրենց փոխարէն եկեղեցական բերած են։

«Վազգէն Մանուկեանին բերեցին, մի քիչ ծիծաղեցինք, երկմտեցինք.. հիմա ինչպէս Ռոբերտ Քոչարեանը իր հարցազրոյցում ասաց՝ այդ պլանն են իրագործում»,– ըսած է ան։

Ըստ Ալեն Սիմոնեանի`ընդդիմադիր դաշտի մէջ նոյն մարդիկ են, նոյն օրակարգն է, նոյն նպատակն է, այնպէս որ իշխանութիւնը նոր ապրումներ այս շարժումէն պիտի չունենայ։ Ան վստահեցուցած է նաեւ, որ «Քաղաքացիական Պայմանագրի» պատգամաւորները իրավիճակը քննարկած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ու հերքած այն լուրը, թէ անոնք չեն շփուիր վարչապետի հետ։