image

Պելժիոյ մէջ. Հոգշ. Տ. Տիրայր Վրդ. Յակոբեանին նոր պաշտօն (Լուսանկարներ)

 Պելժիոյ մէջ. Հոգշ. Տ. Տիրայր  Վրդ. Յակոբեանին նոր պաշտօն (Լուսանկարներ)

Դեկտեմբեր 10-ին, Պելժիոյ Անտուերպեն քաղաքի հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ նշանակուած է՝ Հոգշ. Տ. Տիրայր վարդապետ Յակոբեան:

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Արեւմտեան Եւրոպայի մօտ Հայրապետական Պատուիրակ եւ Վատիկանի մէջ Հայ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչի գրասենեակէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝ 

 

Հանդիսապետութեամբ՝ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ` Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի, Սուրբ Յովսէփ եկեղեցւոյ մէջ Հոգշ. Տ. Տիրայր վարդապետ Յակոբեան իր անդրանիկ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց:

Պատարագին ներկայ էին Պելճիքայի հայոց հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Զատիկ վարդապետ Աւետիքեան, այլ հոգեւորականներ եւ հիւրեր: Պատարագի ընթացքին Սրբազան Հայրը համայնքին ներկայացուց Հայր Տիրայրը` որպէս իրենց նորանշանակ հոգեւոր հովիւ:

Սրբազան Հայրը՝ իր քարոզին մէջ ընդգծեց միասնութեան, քրիստոնէական սիրոյ անհրաժեշտութիւնն ու կարեւորութիւնը համայնքային կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ գոհունակութիւն յայտնեց բոլոր հայկական կառոյցներուն ու հոգեւորականներուն, որոնք իրենց ծառայութիւնը մատուցած են Անտուերպենի եւ շրջական քաղաքներուն մէջ: Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Անտուերպեն գտնուող հայերուն` իրենց արմատներէն չհեռանալու համար, եւ աւելցուց ապագայ սերունդի քրիստոնէաբարոյ ու հայեցի դաստիարակման կարեւորութեան մասին, այնուհետեւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի Հայր Տիրայրը կարենայ իր առաքելութիւնը պատշաճ կերպով իրականացնել Անտուերպենի հայ համայնքին մէջ:

Սրբազան Հայրը նաեւ խնդրեց նորանշանակ հոգեւորականին իր պատգամը բերել Անտուերպենի հայութեան:

 

Սուրբ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ մտերմիկ զրոյց համայնքի անդամներուն հետ:

 

Աւելցնենք, որ Ատուերպենի Սբ․ Գրիգոր Նարեկացի ծուխը հիմնուած է 25 օգոստոս 2016-ին: Համայնքին մէջ կը գործէ նաեւ հայ տիկնանց «Նոյ» հասարակական, բարեգործական եւ մշակութային միութիւնը:

 

Տ. Տիրայր վարդապետ Յակոբեան 2018-2022 թուականներուն եղած է Իտալիոյ հոգեւոր հովիւ