image

Պայտըն բացայայտած է Թրամփի հետ բանավէճին ձախողման պատճառը

Պայտըն բացայայտած է Թրամփի հետ բանավէճին ձախողման պատճառը

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն ԱՄՆ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հեռուստաբանավէճին իր անյաջող ելոյթը բացատրած է անով, որ հեռուստաբանավէճէն անմիջապէս առաջ ան մեկնած է արտասահմանեան ուղեւորութիւններու։ Այս մասին գրած է Politico-ն:

«Ես որոշեցի բանավէճէն առաջ քանի մը անգամ շրջագայել աշխարհով մէկ։ Ես չլսեցի իմ օգնականներուն եւ, երբ վերադարձայ, քիչ կը մնար քնանայի բեմին վրայ»,-ըսած է ան Վիրճինիա նահանգի Մաքլին քաղաքին մէջ նախընտրական դրամահաւաքի ժամանակ:

«Սա ոչ թէ արդարացում է, այլ բացատրութիւն»,- ընդգծած է ԱՄՆ նախագահը, որու խօսքը մէջբերած է Սպիտակ տան մամուլի ծառայութիւնը։

Պայտըն իր մրցակցի հետ հեռուստաբանավէճէն առաջ օտարերկրեայ ճամբորդութեան երթալու որոշումը որակած է «ոչ այնքան խելացի»։

«Ես այնքան ալ խելացի բան չեմ ըրած՝ որոշելով ճանապարհորդել աշխարհով մէկ»,-ըսած է ան։

ԱՄՆ նախագահը նաեւ ներողութիւն խնդրած է բանավէճին մէջ իր ձախողման համար, սակայն նշած է, որ ելոյթ ունենալը «վճռական կարեւորւթիւն» ունէր  ընտրութիւններուն յաղթելու համար: Միաժամանակ ան խոստովանած է, որ իր ելոյթն անյաջող եղած է։