Հայաստանի ու Էսթոնիոյ յարաբերութիւնները հիմնուած են ընդհանուր արժէքներու՝ ազատութեան, ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքների եւ խաղաղութեան վրայ։ Երեւանի մէջ Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարար Մարկու Ցահքնայի հետ հանդիպումէն ետք կայացած ասուլիսի ժամանակ այս մասին ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը։
«Մեր յարաբերութիւնները հիմնուած են մեր ընդհանուր արժէքների վրայ՝ ազատութիւն, ժողովրդավարութիւն, մարդու իրաւունքներ, խաղաղութիւն։ Եւ ես պէտք է նշեմ, որ մենք իսկապէս կարողացել ենք այս արժէքների վրայ հիմնուած ամուր յարաբերութիւններ կառուցել, եւ այժմ իսկապէս ժամանակն է աւելի ընդլայնելու եւ նոր մակարդակի բարձրացնելու մեր յարաբերութիւնները»,-ըսած է Միրզոյեանը։
«Իհարկե, մենք խօսել ենք նաեւ բազմակողմ ձեւաչափերում արձանագրուած դրական համագործակցութեան մասին, կարեւորել ենք դրա շարունակականութեան ապահովումը։ Կը ցանկանայի ընդգծել Հայաստան Նորդիկ Բալթեան 8 երկրների ձեւաչափով տեղի ունեցող պարբերաբար շփումները, եւ յոյս ունենք, որ կը կարողանանք Էստոնիայի առաջնորդութեամբ այս օրակարգը եւ այս ֆորմատով շփումները եւս առաջ մղել»,- ըսած է ՀՀ ԱԳ նախարարը։
Միրզոյեանը շեշտած է, որ Հայաստանի եւ Էսթոնիոյ ընդհանուր համագործակցութեան պարունակին մէջ առանձին տեղ եւ կարեւորութիւն ունի ՀՀ-Եւրոպական Միութիւն հարթութիւնը։
«Այստեղ եւս պէտք է նկատել, որ Էստոնիան ե՛ւ պատրաստակամութիւն, ե՛ւ առաջնորդութիւն է ցուցաբերել, եւ մենք ունենք շատ յուսալի եւ վստահելի գործընկեր ԵՄ-ում՝ ի դէմս Էստոնիայի։ Գիտէք, որ մեր նուիրումն այն արժէքներին, որոնք դրուած են այս համագործակցութեան հիմքում, անխախտ է, եւ դուք էլ կարող էք նոյն ծաւալով յենուել մեզ վրայ»,- ընդգծած է Արարատ Միրզոյեանը՝ դիմելով էսթոնացի գործընկերոջը։