image

Պատերազմի սկիզբէն ի վեր ուքրանացի 10.000 զոհ

Պատերազմի սկիզբէն ի վեր  ուքրանացի    10.000 զոհ

Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի ղեկավարի խորհրդական Ալեքսէյ Արեսթովիչը յայտնած է, որ Ռուսիոյ հետ պատերազմի մեկնարկէն ի վեր Ուքրանիոյ զինուած ուժերը կորսնցուցած են մօտ 10.000 զինուոր:

«Հակամարտութեան սկիզբը մենք օրական միջինը 100 մահ կ'ունենայինք», ըսած է ան:

Հարցին, թէ այս հաշուարկներէն ելլելով կարելի է ըսել, որ Ուքրանիոյ զինուած ուժերը ռազմական գործողութիւններու ընթացքին կորսնցուցած է մինչեւ 10.000 զինուոր, նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի խորհրդականը պատասխանած է. «Այո, մօտաւոր այդքան»:

Արեսթովիչը նաեւ մատնանշած է արեւմտեան երկիրներու կողմէ Ուքրանիոյ դանդաղ զինումը: