image

«Պատանի երաժիշտներու Եւրատեսիլ»ին Հայաստանի պատուիրակի անունը յայտնի է. ան Հայկ Հեքեքեանն է

«Պատանի երաժիշտներու Եւրատեսիլ»ին Հայաստանի պատուիրակի անունը յայտնի է. ան Հայկ Հեքեքեանն է

«Դէպի դասական Եւրատեսիլ» մրցոյթի եզրափակիչ փուլը տեղի ունեցաւ 13 Ապրիլ, 2024-ին Երեւանի Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ:

Եզրափակիչ փուլ հասած էին 10 տաղանդաւոր փոքրիկ երաժիշտներ, իւրաքանչիւրը տարբեր գործիքներով: 

«Դէպի դասական Եւրատեսիլ» մրցոյթին յաղթած է Հայկ Հեքեքեան քլարինէթ երաժշտական գործիքով:

Ան պիտի ներկայացնէ Հայաստանը 17 օգոստոսին կայանալիք «Պատանի երաժիշտներու Եւրատեսիլ» միջազգային մրցոյթին, որ տեղի պիտի ունենայ Նորվեկիոյ մէջ:

Յիշենք նաեւ, որ «Դէպի դասական Եւրատեսիլ» մրցոյթին երկրորդ տեղը գրաւած է Էտուարտ Դայեան (ջութակ), իսկ երրորդ տեղը՝ Լիանա Ուլիխանեան (թաւ ջութակ):