Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆէյսալ Մըքտատ մեկնաբանած է Լուկանսքի եւ Տոնեցքի հանրապետութիւնները ճանչնալու Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի որոշումը՝ ըսելով, որ «ելոյթը պատմութեան ջրբաժան է»՝ ընդգծելով Դամասկոսի աջակցութիւնը Լուկանսքի եւ Տոնեցքի ճանաչման որոշման եւ անոնց հետ համագործակցութեան։
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը այսօր՝ Երեքշաբթի, ըսած է, որ «այն, ինչ կ'ընէ Արեւմուտքը Ռուսաստանի դէմ ներկայիս, նման է անոր, թէ ինչ ըրաւ Սուրիոյ դէմ ահաբեկչական պատերազմին ժամանակ»։
Ան յայտարարած է սուրիացի ժողովուրդին համերաշխութիւնը Լուկանսքի եւ Տոնեցքի հանրապետութիւններու ժողովուրդներուն՝ նշելով, որ իր երկիրը պիտի համագործակցի երկու նոր երկիրներուն հետ։
Երկուշաբթի օրը իր ռուս գործընկեր Սերկէյ Լաւրովի հետ բանակցութիւններու ընթացքին Մըքտատ ընդգծած է, որ «Արեւմուտքի կողմէ Ռուսաստանի դէմ սուտի եւ խաբէութեան արշաւը նոյն արշաւն է, որ սկսած էր նախապէս Սուրիոյ դէմ»:
Ան նշած է, որ «Սուրիան կ'աջակցի նախագահ Վլատիմիր Փութինի ջանքերուն՝ յաղթահարելու այն ճգնաժամերը, որոնք Արեւմուտքը կը մղէ պայթումի», նշելով, որ «արեւմտեան երկիրները կը խրախուսեն Քիեւի յարձակումը Ռուսաստանի դէմ՝ հիմնելով իրենց ռազմակայանները Ուքրանիոյ մէջ»։
Ինչ կը վերաբերի Լաւրովին, ապա ան ընդգծած է, որ «Ռուսաստանը եւ Սուրիան կը գտնուին իրենց միջև ռազմաթեքիքական եւ տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման գործընթացին մէջ»՝ նշելով, որ Ռուսաստանը «պիտի շարունակէ իր համատեղ աշխատանքը՝ ուղղուած Սուրիոյ ճգնաժամի քաղաքական լուծման, որ կ'երաշխաւորէ իր ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ ամբողջականութեան պահպանումը»։