Գաղտնիք չէ, որ այն ինչ որ կը կատարուի այս օրերուն բաւականին մեծ հարցականներու տեղիք կու տայ։
Արցախեան պատերազմէն ասդին, պարզորոշ սկսաւ դառնալ, որ Հայութեան կարեւոր մէկ հատուածին համար, Հայաստանի, Արցախի ու նաեւ Սփիւռքի մէջ վստահութեան պակաս ունի այսօրուայ իշխանութիւններուն նկատամբ ու այդ անվստահութիւնը աւելիով կը սրուի, եթէ հաշուի առնենք իշխանութիւններու անորոշ, թաքնախորհուրդ եւ կասկածներ առթող վարմունքը։ Այս բոլորն անշուշտ կը համալրեն հայութեան ապրած դառն վիճակը, անմիաբանութիւնը ու հայ ազգի ապագային հանդէպ ամէն օր ծիլ տուող մեծ կասկածներու տեսադաշտը, այն պարագային, երբ նման աղէտալի վիճակներուն պէտք է յաջորդէ միաբանութեան ընդհանուր վիճակ մը, վէրքերը սպիացնելու, իրավիճակը ճիշդ գնահատելու եւ ազգովին դարձեալ ոտքի կանգնելու։
Այսօրուայ իրականութիւններուն վերաբերեալ օրերս ուշագրաւ գրառում մը կատարած է ամերիկահայ ազգային բարերար Մայք Սարեան, որուն շահեկանութեան համար կը ներկայացնենք ստորեւ՝
Սարեան կը գրէ ՝
Կը մտածէի Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար՝ Միրզոյեանի ա օրեր առաջ 16 Մարտին կատարած յայտարարութեան մասին: Ան կ'ըսէ, որ Հայաստանի ժողովուրդը Հայաստանի քայլերուն հետ է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու եւ սահմանը առանց որեւէ պայմանի բանալու վերաբերեալ։Վարչապետ Փաշինեան յայտարարած էր, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Սփիւռքի խնդիրն է եւ ոչ թէ Հայաստանի:
Արդեօք ես ճի՞շդ կը լսեմ, չեմ հասկնար:
Արդեօ՞ք ասոնք Հայաստանի ղեկավարներ են, կամ օտար երկրի մը ներկայացուցիչները, որոնք ընդհանրապէս Հայաստանի հետ կապ չունին:
Պարզապէս կ'ուզեմ գիտնալ, արդեօք հայաստանցիներն ալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրենց խնդիրը չեն համարեր եւ միայն Սփիւռքի խնդիրը կը համարեն: Կամ թէ, Հայաստանի ժողովուրդը կ'ուզէ, որ Թուրքիոյ հետ սահմանները բացուին, որպէսզի կարենայ մեկնիլ Թուրքիա եւ աժան արձակո՞ւրդ վայելէ, աժան ապրանքնե՞ր գնէ եւ կործանէ Հայաստանի առեւտուրը: Կամ թերեւս ինչու չէ ընկերային կապեր ստեղծէ թուրքերուն հետ ու նոյնիսկ ամուսնութիւններ կնքուին անոնց հետ:
Ուրեմն մենք Սփիւռքի մէջ ինչ բանի համար կը պայքարինք, երբ հայաստանցիները չեն հետաքրքուիր Սփիւռքով ու անոր խնդիրներով, որոնց համար պայքար կը մղենք վերջին 105 տարիներուն ընթացքին:
Ուրեմն մենք պէտք է դադրեցնե՞նք ուղարկել մեր բոլոր օժանդակութիւնները դէպի հայրենիք։