Միջազգային իրաւապաշտպան Amnesty International կազմակերպութեան Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տնօրէն Մարի Ստրութերս, արձագանգելով Լեռնային Ղարաբաղի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի դատավարութեան մեկնարկին, յայտարարած է, որ Ատրպէյճան պէտք է պաշտպանէ եւ ապահովէ Ռուբէն Վարդանեանի արդար դատաքննութեան իրաւունքները։
Այս մասին նշուած է կազմակերպութեան կայքով տարածուած հաղորդագրութեան մէջ։
«Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը պնդեն, որ Ռուբէն Վարդանեանը դատարանի առջեւ կանգնեցուցած են՝ պատասխանատուութեան ենթարկելու այն յանցագործութիւններուն համար, որոնցմով զինք կը մեղադրեն։ Բայց զայն զրկելով արդար դատաքննութեան իրաւունքներէն՝ անոնք արդարադատութեան ճիշդ հակառակը կ'ընեն։ Իշխանութիւնները պէտք է պաշտպանեն եւ ապահովեն Ռուբէն Վարդանեանի արդար դատաքննութեան իրաւունքները»,-նշած է Մարի Ստրութերս։
Ան աւելցուցած է, որ Ռուբէն Վարդանեան լուրջ մեղադրանքներ բարձրաձայնած է մարդկային իրաւանց խախտումներու մասին, անոնց կարգին՝ կալանքի ժամանակ վատ վերաբերմունքը, կեղծուած գործի նիւթերը ստորագրելու հարկադրանքը եւ պաշտպանութիւնը նախապատրաստելու հնարաւորութենէն զրկումը։
«Իշխանութիւնները պէտք է անյապաղ, մանրակրկիտ, անկախ, անաչառ եւ արդիւնաւէտ կերպով հետաքննեն այս ծանր մեղադրանքները եւ պատասխանատուութեան ենթարկեն անոնց, որոնք կը համարուին այս ամէնուն պատասխանատուներ»,- նշուած է տարածուած յայտարարութեան մէջ:
Անոր դիտարկմամբ՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պէտք է Ռուբէն Վարդանեանին տրամադրեն լիարժէք հասանելիութիւն իր փաստաբաններու հետ շփման, ինչպէս նաեւ բաւականաչափ ժամանակ ու հնարաւորութիւն՝ պաշտպանութիւնը նախապատրաստելու համար:
«Միջազգային հանրութիւնը պէտք է ուշադրութեամբ հետեւի այս աղմկայարոյց գործին՝ Ռուբէն Վարդանեանի արդար դատաքննութեան իրաւունքն ու արդարադատութիւնն ապահովելու համար»,- նշած է Amnesty International կազմակերպութեան Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տնօրէն Մարի Ստրութերս։