image

Պաքուի մէջ. Ռուսաց դեսպանը կ՚արդարացնէ Ատրպէյճանի վարքն ու պահանջները

Պաքուի մէջ. Ռուսաց դեսպանը կ՚արդարացնէ Ատրպէյճանի վարքն ու պահանջները

Ռուսիան պատրաստ է առաւելագոյն աջակցութիւն ցուցաբերելու Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններուն։ Այժմ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը ուղղակիօրէն կը փոխանակեն խաղաղութեան պայմանագրերու նախագիծերը։

Այս մասին ըսած է Ատրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Միխայիլ Եւտոքիմովը:

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Ղարաբաղի հարցը փակուած է՝ ընդգծելով, որ անցած տարիներուն Ռուսիան ջանքեր գործադրած է ղարաբաղեան հիմնախնդիրը խաղաղ ճանապարհով լուծելու համար, սակայն չէ յաջողած:

«Այս թեման փակուեցաւ սեպտեմբերին ռազմական գործողութեամբ։ Ռուսիան միշտ շատ կարեւոր դեր կը խաղայ կարգաւորման հարցին մէջ։ Ռուսիան պատրաստ է առաւելագոյն աջակցութիւն ցուցաբերելու երկու կողմի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններուն։ Այժմ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը ուղղակիօրէն կը փոխանակեն խաղաղութեան պայմանագրերու նախագիծերը։ Այն, ինչ կ՚առաջարկէ ատրպէյճանական կողմը, իմ կարծիքով, միանգամայն արդարացուած է, չափորոշուած ձեւակերպումներ եւ դրոյթներ են, որոնք, որպէս կանոն, գոյութիւն ունին կողմերու միջեւ կնքուող խաղաղութեան պայմանագրերուն մէջ։ Եւ սկզբունքօրէն, ելլելով այն առաջարկներէն, որ կ՚ընէ Պաքուն, կը կարծեմ, որ այդ բանակցութիւնները կրնան բաւականին արագ աւարտիլ», -ըսած է Պաքուի մէջ Ռուսիոյ դեսպանը։

Ան աւելցուցած է, որ Ռուսիան պատրաստ է տրամադրելու մոսկովեան հարթակ, պատրաստ է անհրաժեշտութեան պարագային տրամադրելու իր փորձաքննութիւնը, բնագրի վերաբերեալ խորհուրդներ տալ։

«Այս հարցով մենք շատ լաւ կը փոխգործակցինք մեր ատրպէյճանցի գործընկերներու հետ։ Ես կը տեսնեմ, որ Ատրպէյճանը հաստատակամ է շատ արագ աւարտելու խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման շուրջ բանակցութիւնները։ Բայց, ինչպէս գիտենք, բանակցութիւնները աւարտին հասցնելու համար երկու կողմերն ալ պէտք է նման ցանկութիւն ունենան», - նշած է Եւտոքիմովը։