image

Պաքուի մէջ մեկնարկած է COP29 համաժողովը. աշխարհի շարք մը առաջնորդներ հրաժարած են մասնակցիլ այդ ժողովին

Պաքուի մէջ մեկնարկած է COP29 համաժողովը. աշխարհի շարք մը առաջնորդներ հրաժարած են մասնակցիլ այդ ժողովին

Պաքուի մէջ մեկնարկած է ՄԱԿ-ի կլիմայական COP29 համաժողովը։ Պատուիրակներն ամբողջ աշխարհէն կը հաւաքուին այստեղ՝ յոյս ունենալով ուղիներ գտնել՝ կանխելու համաշխարհային ջերմաստիճանի բարձրացումը եւ կատարել Փարիզի համաձայնագրով տրուած խոստումները:

Ընթացիկ գագաթնաժողովը կոչուած է «ֆինանսական COP», քանի որ 15 տարուան մէջ առաջին անգամ պիտի ուսումնասիրուին զարգացող երկիրներու ֆինանսաւորման ծաւալն ու կառուցուածքը՝ կլիմայական գործողութիւններուն աջակցելու համար։

ՄԱԿ-ի տուեալներով՝ աւելի քան 100 պետութեան եւ կառավարութեան ղեկավար հաստատած է իր մասնակցութիւնը համաժողովին։

Սակայն աշխարհի շարք մը առաջնորդներ եւ պետական ​​պաշտօնեաներ արդէն յայտարարած են, որ պիտի չմեկնին Պաքու։ Տարբեր պատճառաբանութիւններով COP29 համաժողովին պիտի չմասնակցին Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէնը, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցը, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը, Մեծ Բրիտանիոյ թագաւոր Չարլզ 3-րդը, Պրազիլիոյ նախագահ Լուիս Ինասիու Լուլա տա Սիլվան, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը, Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինը, Գանատայի, Աւստրալիոյ, Հոլանտայի, Հնդկաստանի եւ Հարաւափրիկեան Հանրապետութեան վարչապետներ Ճասթին Թրիւտօն, Էնթընի Ալպանեզէն, Տիք Սխոֆը, Նարենտրա Մոտին, Սիրիլ Ռամաֆոսան:

Այս տարի COP29-ի գագաթնաժողովին պիտի մասնակցի 40 հազար մարդ, մինչդեռ անցեալ տարի Տուպայի գագաթնաժողովին մասնակցած է ընդհանուր առմամբ 83884-ը: