Պաքուի մէջ, Հոկտեմբեր 31-ին աւարտած է Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն եւ միւս գերիներուն դատավարութիւնը։
Յաջորդ դատական նիստը նշանակուած է Նոյեմբեր 3-ին։ Մեղադրող կողմը հանդէս պիտի գայ ամբաստանագրով։
Տակաւին չէ աւարտած միայն Արցախի նախկին Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի դատավարութիւնը, որ ինչպէս ծանօթ է, կ՚ընթանայ անջատ։
Նիստերը տեղի կ՚ունենան անկախ լրասփիւռներու եւ միջազգային կառոյցներու բացակայութեամբ։
Սեպտեմբերին Ատերպէյճանի մէջ Կարմիր խաչի գրասենեակին փակումէն ետք, 23 հայ գերիները փաստօրէն յայտնուած են կատարեալ մեկուսացման մէջ։