image

Պաքուէն պնդում. «Հայկական կողմին յանձնած ենք 1700 դիակ»

Պաքուէն պնդում. «Հայկական կողմին յանձնած ենք 1700 դիակ»

Մինչ օրս Ատրպէյճանը հայկական կողմին յանձնած է զոհուած զինուորներու մօտ 1700 դի։ Այս մասին Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամով ըսած է ADA համալսարանին մէջ կայացած համագումարին ժամանակ։

Ընդ որում, ան յայտարարած է, որ «տարածքներ մեր վերադարձը դանդաղեցնելու համար ականային քարտէզները թաքցնելն ու չտրամադրելը թոյլ, անմիտ ու անմարդկային մօտեցում է, եւ չի կրնար յաջողութիւն ունենալ»։

Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանը կը հրաժարի ազատ արձակել բոլոր հայերը՝ ռազմագերիներն ու քաղաքային պատանդները։