Պաքուն Երեւանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հինգ հիմնական սկզբունք առաջ քաշած է եւ կը կարծ է, որ ատոր հիման վրայ կարելի է հասնել կարգաւորման։ Այս մասին Սոչիի մէջ Ռուսիոյ առաջնորդ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։
«Երկու տարի առաջ ստորագրուած եռակողմ հռչակագիրը վերջ դրաւ բազմամեայ հակամարտութեան։ Հիմա եկած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ խօսելու եւ գործելու ժամանակը։ Եւ ի հարկէ, մենք բարձր կը գնահատենք ձեր անձնական դերը այս պատակներուն հասնելու ճամբուն վրայ։
Ատրպէյճանը համեմատաբար վերջերս առաջ քաշած է հինգ հիմնարար սկզբունքներ, որոնց հիման վրայ պէտք է կարգաւորուին Երեւանի եւ Պաքուի յարաբերութիւնները։ Ասոնք բոլորը միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներ են, եւ կը կարծեմ, որ ատոր հիման վրայ կարելի է հասնիլ կարգաւորման։ Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը արդէն պատմութիւն է։ Այն լուծուած է երկու տարի առաջ, ուստի այս պարունակին մէջ քննարկելու թեմայ չկայ, իսկ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները այն ձեւաչափն են, որոնք շատ լուրջ քայլերու կարիք ունին: Հետագային եւս կ՛ակնկալենք ձեր եւ Ռուսիոյ աշխոյժ դերակատարութիւնը այդ նպատակներուն հասնելու ճամբուն վրայ»,- ըսած է ան։