Սէուտական Արաբիան Միացեալ Նահանգներուն տեղեկացուցած է, որ Պաղեստինի Պետութեան ճանաչումը կը մնայ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու հնարաւոր կարգաւորման հիմնական պայմանը։ Այս մասին յայտնած է Reuters-ը՝ յղում կատարելով երկու անանուն աղբիւրի։
Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգ Մուհամմետ պըն Սըլման ալ-Սաուտը 2018-էն ի վեր առաջին անգամ Նոյեմբեր 18-ին պիտի այցելէ Ուաշինկթըն, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։
Անցեալ ամիս Թրամփ յայտարարած էր, որ յոյս ունի, որ Սէուտական Արաբիան «շատ շուտով» պիտի միանայ այլ իսլամական երկիրներուն, որոնք 2020-ին ստորագրած են Աբրահամի համաձայնագիրները՝ կարգաւորելով յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ։
Միացեալ Արաբական Էմիրութիւնները, Պահրէյնը եւ Մարոքքոն արդէն կարգաւորած են իրենց յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ՝ Աբրահամի համաձայնագիրներու շրջածիրէն ներս։ Թրամփ յայտարարած է, որ մօտ ապագային կ՚ակնկալէ համաձայնագիրներու ընդլայնում։