Պաշտօնական Երեւան խաղաղութեան համաձայնագիրին վերաբերեալ վերջին՝ Հայաստանի կողմէ 4 Յունուարին ուղարկուած առաջարկներուն գծով Ատրպէյճանէն պատասխան չէ ստացած տակաւին: Այս մասին «Ազատութեան» յայտնեց արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան:
Առանց դէմ առ դէմ բանակցութիւններու՝ Երեւան եւ Պաքու կը շարունակեն փաստաթուղթի փոխանակումը: 25 Դեկտեմբերին Երեւան ստացաւ Ատրպէյճանի առաջարկները, 10 օրեր չանցած՝ Պաքուին փոխանցուեցան հայկական կողմին դիտարկումները:
Ատրպէյճանի վերջին առաջարկները ստանալէ ետք, Երեւան յայտարարեց, որ անոնց մէջ որոշ յետընթաց կայ: