image
Հրատապ լուրեր:

Պաքու մինչեւ ցմահ ազատազրկում պահանջած է Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան համար

Պաքու մինչեւ ցմահ ազատազրկում պահանջած է Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան համար

Պաքուի մէջ ընթացող դատավարութեան ժամանակ դատախազը պահանջած է Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներու եւ միւս գերիներու համար 16 տարիէն մինչեւ ցմահ ազատազրկում, յայտնած է ատրպէյճանական Azertac-ը:

Ըստ ներկայացուած պահանջներու՝ ցմահ ազատազրկում առաջարկուած է Արայիկ Յարութիւնեանի, Լեւոն Մնացականեանի, Դաւիթ Մանուկեանի, Դաւիթ Բաբայեանի եւ Դաւիթ Իշխանեանի համար:

65 տարին լրացած ըլլալու պատճառով 20 տարուան ազատազրկում՝ Արկադի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի եւ Մադաթ Բաբայեանի համար, իսկ 16–19 տարուան պատժաչափեր՝ Գարիկ Մարտիրոսեանի, Դաւիթ Ալլահվերդեանի, Լեւոն Բալայեանի, Վասիլի Բեգլարեանի, Գուրգէն Ստեփանեանի, Էրիկ Կազարեանի եւ շարք մը այլ անձանց համար։

Դատավարութիւնը պիտի շարունակուի նոյեմբեր 27-ին։

Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներու եւ միւս գերիներու նկատմամբ յարուցուած շինծու քրէական գործերով քննութիւնն աւարտած էր հոկտեմբեր 31-ին։

Ռուբէն Վարդանեանի դատական նիստերը դեռ չեն աւարտած։

Յիշեցնենք, որ 3 Նոյեմբերին, Ատրպէյճան Հայաստանը եւ Պաքուի զինուորական դատարանին առջեւ կանգնած 15 հայերը մեղադրեց Արցախի շարժումին մէջ: Մեղադրող դատախազը «Յանցաւոր կազմակերպութիւն» որակեց «Միացում» շարժումին մասնակցող խումբը, որ գործած է 1988էն 20 Սեպտեմբեր 2023: Մեղադրող դատախազը պնդեց, թէ յանցաւոր կազմաւորումի ղեկավարներուն նպատակը ամէն գնով Արցախը Ատրպէյճանէն բաժնելը եւ Ատրպէյճանի գերիշխան տարածքները բռնագրաւելն էր:

Խօսելով Արցախի շարժումի գաղափարախօսութեան մասին՝ ատրպէյճանական կողմը մեղադրական ճառին մէջ նաեւ հրապարակեց քաղաքական եւ հանրային գործիչներու ցանկ մը՝ մեղադրելով զանոնք «յանցաւոր գաղափարներու» տարածման մէջ: Այդ ցանկին մէջ կը յիշատակուին Զօրի Բալայեանի, Սիլվա Կապուտիկեանի, Իգոր Մուրադեանի, Վազգէն Մանուկեանի, Ռոբերտ Քոչարեանի, Սերժ Սարգսեանի եւ Ժիրայր Սեֆիլեանի անունները: