Պաքուն Պրիւքսէլի հետ մեծ յոյսեր կը կապէ Երեւանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով, յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:
«Մենք մեծ յոյսեր կը կապենք Եւրոմիութեան, յատկապէս նախագահ Շառլ Միշէլի ջանքերուն հետ, որ արդէն աշխուժօրէն կը մասնակցի այս գործընթացին: Ան արդէն լաւ ծանօթ է գործընթացին: Կը կարծեմ, որ սա շատ խոստումնալից միջավայր կը ստեղծէ յաջող բանակցութիւններու համար», ըսած է Ալիեւ` ընդունելով Հարաւային Կովկասի մէջ ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը:
Ալիեւ նշած է, որ Ապրիլ 6-ին վերջին եռակողմ հանդիպումը (Ալիեւ-Փաշինեան-Միշէլ) Պրիւքսէլի մէջ բանակցային գործընթացի զարգացման «ելման կէտ» կը համարէ: Անոր խօսքով, պրիւքսէլեան հանդիպման արդիւնքով Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է` սահմանային հարցերով աշխատանքային խումբեր ստեղծելու եւ խաղաղ համաձայնագրի շուրջ:
Միաժամանակ Ալիեւը նախիջեւանի հետ Ատրպէյճանի ճանապարհային կապի հարցը յստակացնելու անհրաժեշտութիւն կը տեսնէ: «Ատրպէյճանական կողմը 100 քմ-էն 60 քմ-էն աւելի երկաթուղին արդէն անցած է երկրին մէջ, եւ կ'ակնկալէ, որ այն աւարտին հասցուի 2023 թուականին: Ատրպէյճանը աշխուժօրէն ճանապարհ կը կառուցէ նաեւ մինչեւ Հայաստանի հետ սահման: Ճանապարհի ատրպէյճանական հատուածը պատրաստ պիտի ըլլայ յաջորդ տարուայ վերջը», ըսած է Ալիեւ:
Ան դժգոհած է, որ Երեւանը տակաւին չէ սկսած երկաթուղի եւ ինքնաշարժներու ճանապարհներու հարցերի լուծումը: «Ցաւօք, Հայաստանի մէջ (երկաթուղիի հայկական մասի) տեխնիկատնտեսական հիմնաւորումը դեռ չէ սկսած, ինչ որ կը վկայէ, որ գործընթացը կրնայ ձգձգուիլ: Ցաւօք, Պրիւքսէլի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ Հայաստանի վարչապետը չյստակացուց մայրուղիի աշխարհագրական տուեալները: Ես այս հարցը բարձրացուցած եմ Փետրուար 4-ի տեսաժողովի ժամանակ, բայց պատասխան չէ եղած: Ապրիլ 6-ին կրկին խնդրեցի ճանապարհի աշխարհագրական տուեալները, բայց պատասխան չեղաւ: Յոյսով եմ, որ մենք զանոնք կը ստանանք մօտ ապագային», ըսած է Ալիեւ:
Ալիեւը յաւելած է, թէ «շրջադարձային կէտ» կը համարէ այն փաստը, որ Հայաստանը «կ'ընդունի յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար Ատրպէյճանի առաջարկած 5 սկզբունքները»: «Այժմ ժամանակն է, որ երկու կողմերն ալ ապացուցեն իրենց լրջութիւնը բանակցութիւններու սեղանի շուրջ», ըսած է ան:
Քլաար իր հերթին նշած է, որ Ատրպէյճան այցին նպատակը համաձայնեցուած հարցերու իրականացումն ու շարունակականութիւնը ապահովելն է: Ան նաեւ նշած է, որ շաբթուայ երկրորդ կէսին պիտի մեկնի Երեւան: