image

Պապիկեան հանդիպած է Հնդկաստանի Պաշտպանութեան նախարարին

Պապիկեան հանդիպած է Հնդկաստանի Պաշտպանութեան  նախարարին

Հնդկաստան աշխատանքային այցի ծիրէն ներս հանդիպած եմ Հնդկաստանի պաշտպանութեան նախարար՝ Շրի Ռաճնաթ Սինկհի հետ: Այս մասին Facebook-ի իր էջին գրած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար՝ Սուրէն Պապիկեան, որ այցով կը գտնուի Հնդկաստան:

Ան նաեւ նշած է. «Գոհունակութիւն ենք յայտնել համագործակցութեան ներկայ մակարդակի վերաբերեալ, քննարկուել են համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւնները, երկկողմ ռազմական եւ ռազմատեխնիկական համագործակցութեան մի շարք հարցեր։

Ներկայացրել եմ ատրպէյճանական վերջին յարձակումի հետեւանքով ստեղծուած իրադրութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնել միջազգային ատեաններում Հնդկաստանի յստակ դիրքորոշման համար։

Հանդիպման աւարտին գործընկերոջս հրաւիրել եմ պաշտօնական այցով այցելել Հայաստան»:

Յիշեցնենք, որ The Economic Times-ն աւելի վաղ գրած էր, որ Հնդկաստան ստորագրած է պայմանագիր Հայաստանին մեծաքանակ հրթիռներ եւ զինամթերք տրամադրելու վերաբերեալ, քանի որ ասիական այս երկիրը տեւական սահմանային հակամարտութեան մէջ է Ատրպէյճանի հետ։ Ըստ աղբիւրին, կառավարութիւններու միջեւ պայմանագիրը կնքուած է սեպտեմբերի սկիզբը։

Թէեւ պայմանագիրներու արժէքը չէ բացայայտուած, աղբիւրը կ'ենթադրէ, որ գործարքը կը կազմէ  2000 միլիոն ռուպի կամ  մօտ 245  միլիոն տոլար, զինամթերքը կը մատակարարուի առաջիկայ ամիսներուն: