image

Օրպան ուքրանական հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ առաջարկներ ուղարկած է ԵՄ ղեկավարներուն

Օրպան ուքրանական հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ առաջարկներ ուղարկած է ԵՄ ղեկավարներուն

Յուլիս 2-11-ը Ուքրանիա, Ռուսիա եւ ԱՄՆ կատարած այցերէն ետք Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան առաջարկներ ուղարկած է Եւրոմիութեան երկիրներու ղեկավարներուն՝ ուքրանական հակամարտութեան կարգաւորման ուղիներու վերաբերեալ։

Այս մասին յայտարարած է Հունգարիոյ ղեկավարի օգնական Պալաժ Օրպանը։

«Օրպանի ծրագիրն այժմ դրուած է ԵՄ բոլոր ղեկավարներու սեղանին, վարչապետը Եւրոպական խորհուրդի ղեկավարներուն եւս գրաւոր տեղեկացուցած է բանակցութիւններու առաջին փուլի արդիւնքներու, Հունգարիոյ առաջարկներու մասին: Պուտափեշթը կ՚ակնկալէ ԵՄ քաղաքական ուղղութեան փոփոխութիւն»,- նշած է կառավարութեան ղեկավարի խորհրդականը: