Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարած է, որ Փարիզը կ՚աջակցի պաղեստինա-իսրայէլեան հակամարտութեան կարգաւորմանն ուղղուած Ուաշինկթընի, Տոհայի եւ Գահիրէի միջնորդական ջանքերուն:
Ան աւելցուցած է, որ ռազմական գործողութիւնները Կազայի հատուածին մէջ պէտք է դադարեցուին. այդ անհրաժեշտ է Կազայի բնակիչներու, պատանդներու եւ տարածաշրջանին մէջ կայունութիւն հաստատելու համար։
Աւելի վաղ Միացեալ Նահանգները, Եգիպտոսը եւ Քաթարը կոչ ըրած էին Իսրայէլին եւ պաղեստինեան «Համաս» շարժման օգոստոս 15-ին վերսկսելու բանակցութիւնները Կազայի հատուածին մէջ հրադադարի շուրջ Տոհայի կամ Գահիրէի մէջ: Իսրայէլ յայտնած էր իր պատուիրակութիւնը բանակցութիւններու ուղարկելու համաձայնութեան մասին: