Պուրճ Համուտի փառքի օրերը կերտած երախտաւորներու շարքը երկար է։
Անոնք էին, որ ամենածանր պայմաններու տակ կերտեցին այդ հայաքաղաքը եւ անոր դրական ցոլքերն ու անունը տարածեցին ամենուրէք։
Պուրճ Համուտը արդար վաստակի, աշխատասիրութեան, տաղանդի եւ ստեղծագործ ձեռքերու քաղաքն ըլլալէ բացի էր նաեւ մեր հաւաքական յիշողութեան մանրանկարը։
Անոր կերտիչները, աշխատասէր եւ նուիրեալ հայորդիներ, ոչինչէն ընթացք առին եւ առանց ունենալու նեցուկ ու ապաւէն՝ շնորհիւ իրենց աշխատասիրութեան յաջողեցան հասնիլ բարձունքներու։
Կերտեցին ընտանիք, համայնք ու կեդրոն, յոյս տուին մեր ժողովուրդին ու չմոռցան իրենց նեցուկը ցոյց տալ բոլոր ժամանակներուն մէջէն խոյացող մեր եկեղեցիներուն։ Այդ անուններէն մին էր Յարութիւն Ճըրըգեանը, աւելի յայտնի «Գալիբսօ» հաստատութեան տէրն ու հիմնադիրը, որ ամիսներ առաջ առ յաւէտ հեռացաւ մեզմէ։
Պարոն Յարութիւն, շնորհիւ իր անմնացորդ ջանքերուն եւ ասպարէզին հանդէպ մեծ նուիրուածութեան, կարողացաւ յաջողիլ իր ասպարէզին մէջ ու անոր հաստատութեան հմայքն ու բարձր վարկանիշը տարածուեցաւ գրեթէ ամենուրէք։
Յարգելով հանգուցեալի բարի յիշատակը՝ ստորեւ կը ներկայացնենք պատշաճ մահագրութիւն մը հաւատալով, որ այդպիսով ալ յարգած կ՚ըլլանք Պուրճ Համուտը կերտած յայտնի եւ անյայտ բոլոր նուիրական անուններուն՝ խոնարհ հերոսներուն յիշատակը։
Հանգուցեալ Յարութիւն Ճըրըգեան , որ ունէր բարի համբաւ, հիմնադիրն ու սեփականատէրն էր Պուրճ Համուտի սրտին՝ «Արաքս» փողոցին մէջ գտնուող «Գալիբսօ» կանանց կօշիկներու յայտնի վաճառատան։
Ստորեւ կը ներկայացնենք հատուած մը թաղման կարգի ժամանակ անոր դստեր՝ Մարիա Համբարեանի գրչին պատկանող մահագրութիւնէն.
«Մեր հայրը բարի, հաւատացեալ, ազգասէր, ձեռնտու, բացառիկ աշխատասէր, համեստ, ընտանիքը սիրող եւ նուիրական հայ մը եղած է:
Զինք ճանչցողները կը վկայեն այս մասին, առաւել կը վկայեն անոր ունեցած մեծ ներդրումին, միշտ իր սիրելի եւ հարազատ Պուրճ Համուտին:
Մեզի համար շատ մեծ կորուստ է անոր մահը, ինչպէս նաեւ վիշտ՝ իր վերջին ամիսներու անհանգստութիւնը:
Այսօր, որպէս դուստրը Յարութիւն Ճըրըգեանի կ’ուզեմ բաժնեկցիլ ձեր հետ յիշողութիւններ, եւ իմ յարգանքի տուրքս մատուցել սիրելի հօրս՝ որ միշտ սիրուած եւ յարգուած անձ մը եղած է բոլորին կողմէ:
Բառերը բաւարար չեն արտայայտելու այն խոր վիշտը, սակայն իր գեղեցիկ յիշողութիւնները կը մխիթարեն մեզ:
Յարութիւն Ճըրըգեան ծնած էր 22 Յունուար, 1942-ին, Սարգիս եւ Գուրճու Ճըրըգեաններուն յարկին տակ: Փոքր տարիքէն նետուած էր կեանքի ասպարէզ՝ դառնալով կօշկակար, ապա տասնութ տարեկանին բանալու իր առաջին խանութը, եւ կարճ ժամանակ մը ետք կրկնապատկելու, եռապատկելու եւ քառապատկելու իր խանութները։ Ան յայտնի էր որպէս Calypso Shoes, եւ ունէր բազմաթիւ գործարաններ:
1961 թուականին կ’ամուսնանայ Արփինէի հետ եւ ընտանիքը կ’օրհնուի չորս զաւակներով՝ Լենա, Մարիա, Պարգեւ եւ Ռիթա:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի պատճառով, 1984 թուականի Յունիսին ընտանեօք կը գաղթէ ԱՄՆ:
Հօրս ունեցած սէրը միշտ առաջնորդող լոյսը եղաւ լուսաւորելու մեր ճանապարհը: Մօրս հանդէպ անոր սէրն ու քնքշութիւնը տարիներու ընթացքին երբեք չմարեցաւ: Իսկ մեզի համար, ան իմաստութեան եւ ուժի յարատեւ աղբիւր դարձաւ: Անոր ներկայութիւնը միշտ լեցուց մեր կեանքերը ուրախութեամբ, եւ իր սիրով ու ազնուութեամբ մեզի ցոյց տուաւ կարեկցանքի կարեւորութիւնը:
Յարութիւնն ու Արփինէն օրհնուեցան տաս թոռներով եւ չորս ծոռներով. Քաթիա, Մայք, Ալէք, Յարութ, Արփի, Սէլին, Նայիրի, Ռուբէն, Ալէքս և փոքրիկն Նոյ, որոնք իր ուրախութիւնն ու հպարտութիւնն էին:
Պատերազմի ընթացքին ան երկու անգամ առեւանգուած եւ ազատ արձակուած էր: Ապա 1978-ին երբ մեր տունը ռմբակոծուեցաւ, այն ատեն միայն որոշեց գաղթել ԱՄՆ: Բաւական դժուարութիւններէ ետք Լոս Անճելըսի մէջ կրցաւ իր առեւտրական աշխատանքը սկսիլ՝ շնորհիւ իր կամքին եւ աշխատասիրութեան:
1996 թուականին ողբերգական արկածի մը հետեւանքով ան կորսնցուց իր թոռը՝ Քաթիան, այս մեծ կորուստը ամբողջ ընտանիքին վրայ ազդեց եւ մինչեւ իր վերջին օրը ան շարունակեց խօսիլ Քաթիայի մասին:
Հանգստեան կոչուեցաւ 77 տարեկանին եւ անոր առողջական վիճակը աստիճանաբար վատթարացաւ:
Մեր հայրը ճանչցուած էր իր առատաձեռնութեամբ, բարութեամբ եւ օգնութեան ձեռք երկարելու, կարիքաւորներուն եւ յատկապէս տարեցներուն, պատրաստակամութեամբ:
23 Մայիսին ան խաղաղ կեանքէն հեռացաւ: Թէեւ մեր հետ չէ այլեւս, բայց անոր հոգին կ’ապրի եւ ներկայ է մեր մէջ: Իր կեանքը ներշնչման աղբիւր կը մնայ եւ խոհեմ խրատները մեզի ուղեցոյց:
Այսօր մենք պիտի մխիթարուինք իր բարի յիշատակներով: Թող մեր հօր հոգին յաւիտենական խաղաղութիւն գտնէ եւ յիշատակը օրհնեալ ըլլայ:
Բարի ճանապարհ իմ սիրելի պապա…»:
Նշենք նաեւ, որ հանգուցեալի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Կիրակի, 30 Յունիս, 2024-ին Ս. Քառասուն Մանուկ եկեղեցւոյ մէջ, Պուրճ Համուտ: