image

Այնճարի մէջ. Փանոս Քէշիշեանի մահը

 Այնճարի մէջ. Փանոս Քէշիշեանի մահը

  «Արեւելք» (Այնճար)  Լիբանանի Այնճար հայաւանէն տխուր լուր մը ստացանք։ 

Յետ երկարատեւ հիւանդութեան իր մահկանացուն կնքած է բնիկ Մուսալեռցի, Այնճարի զաւակ Փանոս Քէշիշեանը։

Այնճարի հայկական շրջանակներուն կողմէ սիրուած եւ յարգուած անձանւորութիւն հանդիսացող Փանոս Քէշիշեան  միշտ ալ ժրաջան կերպով մասնակից դարձած է գիւղական կեանքին։

 

«Արեւելք» (Այնճար) Լիբանանի Այնճար հայաւանէն տխուր լուր մը ստացանք. յետ երկարատեւ հիւանդութեան իր մահկանացուն կնքած է բնիկ մուսալեռցի, Այնճարի զաւակ Փանոս Քէշիշեանը։

Այնճարի հայկական շրջանակներուն կողմէ սիրուած եւ յարգուած Փանոս  Քէշիշեանը ժրաջան մասնակից էր գիւղական կեանքին։

Երբ քաղաքացիական պատերազմի ալիքները պաշարած էին ամբողջ Լիբանանը (նաեւ Այնճար հայաւանը) Փանոս  Քէշիշեան իր սերնդակիցներէն շատերուն նման տէր կանգնեցաւ հայկական գիւղին։ Եղաւ պարտականութեան գիտակից հայ եւ այդպէս ալ մնաց մինչեւ իր կեանքի աւարտը։ 

Մեր հայրենակիցը նոյն մտասեւեռումով կը հետեւէր Մայր Հայրենիքի զարգացումներուն ու մասնաւորապէս՝ վերջին տարիներու դառնաղէտ զարգացումները կը խոցէին իր սիրտը եւ կ՚ալեկոծէին անոր անվրդով հոգին։

Հայ գիղացիի իրական կերպար էր ի վերջոյ, որուն համար իր սիրելի ծննդավայրին կողքին նոյնքան արժէք կը ներկայացնէր Մայր Հայաստանը ու այդ երազով ալ յաւերժին կը փակէր իր աչքերը ընդամէնը օրեր առաջ։ 

 

 

Հանգուցեալի մասին կարճ գրառում մը կատարած է   այնճարցի  մեր հայրենակից (վերջերս  Հայաստան հաստատուած) Գէորգ Թասլաքեանը, որ մասնաւորապէս գրած է.

-Ալոոոոո՜՜՜՜՜՜՜՜։

 

Թեպէտ ոչ տարեկից բայց աւելի քան հարազատ ընկերս էր հեռաձայնողը։ ԸՆԿԵՐՍ ՓԱՆՈՍ-ը։

2.5 տարի է որ Հայաստան տեղափոխուած եմ, բայց ոչ մէկ ատեն իրար մոռցած ենք: Միշտ իրար հետ կապի մէջ եղած ենք։

 

Ամէն անգամ իր առաջին հարցումը Հայաստանի իրավիճակի մասին էր, յաջորդը՝ իմ եւ հարազատներուս։

Իր առողջական վիճակին մասին երբ հարցնէի, կը պատասխաներ ըսելով.

«Ես լաւ եմ, Հայաստանէն պատմէ»։ Փանոսին քիչեր գիտեն։

Հակառակ անոր որ  զինք բոլորը խիստ կը կարծէին, բայց վստահ թէ այդ «բոլոր»ը զինք լաւ չէին ճանչնար։

 

Ազնիւ,հիւրասէր, պարտաճանաչ եւ կուսակցական խստապահանջ էր ընկերս։

Աւա՜՜ղ, Փանոսը, ինչպէս շատերը դեռ Հայաստան չտեսած, մեզմէ առհաւէտ կը հեռանայ։

Լոյս քու հոգւոյդ ընկեր։

 

Ստորեւ կը ներկայացնենք մահազդ գրառումը, որ հրապարակուած է Այնճար-Մուսալեռ դիմատետրեան էջով։

 

 

Տիկ.Ռիթա Քիւսպէկեան եւ զաւակունք

 

Տէր եւ Տիկ. Վրէժ եւ Կարին Գասամանեան եւ զաւակունք

 

Տիկ. Նեկտար Քէշիշեան եւ զաւակունք 

 

Տիկին Եւա Մալաթեան եւ զաւակունք

 

Տիկին Սօսի Քիւրտեան եւ զաւակունք

Քէշիշեան, Տալուզեան, Քիւրտեան, Մալաթեան, Քիւսպէկեան,Գասամանեան,Գէորգեան, Շէրպէթճեան, Ուրֆալեան,Քէնտիրճեան, Նաշալեան, Ֆսըտքճեան,Գանտահարեան, Աբրահամեան ընտանիքներ եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց եղբօր հօրեղբօր,մօրեղբօր եւ հարազատին՝ 

Փանոս Քէշիշեանի (Ծնեալ 1957-ին) 

մահը որ պատահեցաւ Հինգշաբթի 8 Օգոստոս 2024-ին։

Թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի Ուրբաթ 9 Օգոստոս 2024-ին, կ.ե. ժամը 2:00-ին, Այնճարի «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը։

 

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ։

Թաղման արարողութենէն ետք հանգուցեալին ընտանեկան պարագաները ցաւակցութիւնները պիտի ընդունին եկեղեցւոյ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7։00, իսկ յաջորդ օրերը՝ հանգուցեալին բնակարանը։

Փոխան ծաղկեպսակի կը խնդրուի նուիրատուութիւններ կատարել ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին։